Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հանրապետական կուսակցութեան յետագայ իշխանավարման դէմ պայքարը գլխաւորող Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը յայտնած է, որ Հինգշաբթի երեկոյեան հանդիպած է երկրի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ:
«Երէկ երեկոյեան հանդիպում եմ ունեցել ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ։ Քննարկել ենք Հայաստանի մէջ ստեղծուած վիճակը եւ լուծման հնարաւոր ուղիները», – Ֆեյսբուքեան էջին վրայ գրած է Փաշինեանը եւ աւելցուցած է.- «Պարոն Սարգսեանը իր հետ բերել էր նաեւ փաստաթղթեր այն մասին, որ ինքը Մեծ Բրիտանիոյ քաղաքացիութիւնը կորցրել է 2011 թուականի Դեկտեմբերին»։