«Մերժիր Սերժին» նախաձեռնութեան անդամները «Մետիա կեդրոն»ի մէջ քննարկած են Սերժ Սարգսեանի վերարտադրութեան դէմ պայքարի յետագայ քայլերն ու նպատակները:
«Մերժիր Սերժին» նախաձեռնութեան անդամ Դաւիթ Յովհաննիսեանը յայտարարած է, որ Սերժ Սարգսեանը իր ղեկավարման 10 տարիներուն միայն ձախողած է եւ արձանագրած աղէտալի ցուցանիշներ բոլոր բնագաւառներու մէջ:
«Մերժիր Սերժին» նախաձեռնութեան անդամ Դաւիթ Սանասարեանն ալ շեշտած է, որ իրենց կատարած հաւաքով աւելի շատ փորձեցած են շօշափել մարդոց տրամադրուածութիւնը, քայլերու յաջորդականութիւնը: Վերջինս ընդգծած է, որ պէտք է աշխատիլ, որպէսզի ՀՀԿ-ն չկրնայ վարչապետ նշանակել:
«Մերժիր Սերժին» նախաձեռնութեան անդամ Դաւիթ Պետրոսեանն ալ շեշտած է, որ Հանրապետական կուսակցութեան մէջ չկայ ներքին ժողովրդավարութիւն, ակնյայտ է, որ մէկ մարդու վրայ հիմնուած է կուսակցութիւնը: