Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սերժ Սարգսեանը Բոլոր Ոլորտներու Մէջ Ձախողած Է, Չի Կարելի Հանդուրժել. «Մերժիր Սերժին» Խումբի Անդամներու Կարծիքը

Սերժ Սարգսեանը Բոլոր Ոլորտներու Մէջ Ձախողած Է, Չի Կարելի Հանդուրժել. «Մերժիր Սերժին» Խումբի Անդամներու Կարծիքը

by MassisPost

«Մերժիր Սերժին» նախաձեռնութեան անդամները «Մետիա կեդրոն»ի մէջ քննարկած են Սերժ Սարգսեանի վերարտադրութեան դէմ պայքարի յետագայ քայլերն ու նպատակները:

«Մերժիր Սերժին» նախաձեռնութեան անդամ Դաւիթ Յովհաննիսեանը յայտարարած է, որ Սերժ Սարգսեանը իր ղեկավարման 10 տարիներուն միայն ձախողած է եւ արձանագրած աղէտալի ցուցանիշներ բոլոր բնագաւառներու մէջ:

«Մերժիր Սերժին» նախաձեռնութեան անդամ Դաւիթ Սանասարեանն ալ շեշտած է, որ իրենց կատարած հաւաքով աւելի շատ փորձեցած են շօշափել մարդոց տրամադրուածութիւնը, քայլերու յաջորդականութիւնը: Վերջինս ընդգծած է, որ պէտք է աշխատիլ,  որպէսզի ՀՀԿ-ն չկրնայ վարչապետ նշանակել:

«Մերժիր Սերժին»  նախաձեռնութեան անդամ Դաւիթ Պետրոսեանն ալ շեշտած է, որ Հանրապետական կուսակցութեան մէջ չկայ ներքին ժողովրդավարութիւն, ակնյայտ է, որ մէկ մարդու վրայ հիմնուած է կուսակցութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment