Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Իսրայէլեան Elbit Ընկերութիւնը Ատրպէյճանին 235 Միլիոն Տոլարի Հրթիռային Համակարգեր Պիտի Մատակարարէ. Globes

Իսրայէլեան Elbit Ընկերութիւնը Ատրպէյճանին 235 Միլիոն Տոլարի Հրթիռային Համակարգեր Պիտի Մատակարարէ. Globes

by MassisPost

Իսրայէլեան պաշտպանական Elbit Systems ընկերութիւնը 235 միլիոն տոլարի պայմանագիր կնքած է Ատրպէյճանին ժամանակակից PULS համազարկային կրակի ռէակտիւ համակարգեր եւ բարձր ճշգրտութեան Extra-MR հրթիռներ մատակարարելու վերաբերեալ։ Այս մասին հաղորդած է իսրայէլեան Globes պարբերականը՝ յղում ընելով իրազեկ աղբիւրներու։

Պայմանագիրը նախատեսուած է երեք տարուայ համար։ Անոր պայմաններուն համաձայն՝ իսրայէլեան ընկերութիւնը պիտի ապահովէ PULS արձակման կայանքներու, լրացուցիչ հրթիռահրետանային հարթակներու, համարկուած լոկիսթիկ աջակցութեան համալիրի, ինչպէս նաեւ բարձր ճշգրտութեան գերձայնային Extra-MR հրթիռներու խմբաքանակի մատակարարումը։

Extra-MR-ը բարձր ճշգրտութեան կառավարուող հրթիռ է, որ նախատեսուած է միջին հեռաւորութիւններու վրայ գործողութիւններ իրականացնելու համար, կ’ապահովէ հակառակորդի թիրախներու ճշգրիտ խոցումը մինչեւ 80 քմ հեռաւորութեան վրայ։ Ըստ պարբերականին՝ համակարգը լիովին համատեղելի է Elbit Systems ընկերութեան PULS համակարգի եւ առկայ C4I համակարգերու կառուցուածքներուն հետ՝ ճկուն եւ ծախսարդիւնաւէտ հնարաւորութիւններ ապահովելով լայն շրջանակի խնդիրներու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment