Հակափտածութեան Կոմիտէն յայտնած է ընտրակաշառք տալու դէպքի մասին, հրապարակած է ձայնագրութիւն, եւ կան ձերբակալուածներ:
Իրաւապահներուն փոխանցմամբ.- ««Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան օգտին առաւելագոյն քուէներ ապահովելու նպատակով, յիշեալ կուսակցութեան համակիրները, նախնական համաձայնութեամբ, Արարատի մարզի Մասիս համայնքի մի խումբ ընտրողների խոստացել են տալ ընտրակաշառք»:
Կը հաղորդուի, որ դէպքին առթիւ Հակափտածութեան Կոմիտէին մէջ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ, ձերբակալուած են շարք մը անձեր: Այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած:
«Ուժեղ Հայաստան»-ի առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանը կտրականապէս կը հերքէ, թէ կապ ունի հաղորդուող այս դէպքերուն հետ:

