Ռուսաստանի տնտեսական զարգացման նախարար Մաքսիմ Ռեշեթնիքով, մեկնաբանելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Հարաւկովկասեան երկաթուղիի վերաբերեալ կատարած դիտարկումները, ընդգծած է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամակցութեէն եւ Ռուսաստանի հետ առեւտուրէն Հայաստանի տնտեսութեան ստացած նշանակալի օգուտները։
ՀՀ կառացարութեան նիստէն յետոյ ճեպազրոյցին Փաշինեան չէ բացառած, որ «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան հայկական դուստր ընկերութեան կողմէ երկրի երկաթուղիներու կառավարման հարցը կրնայ յայտնուիլ իրաւարարային գործընթացի մէջ։
2008 թուականին Հայաստանը իր երկաթուղային ենթակառուցուածքները պայմանագրային հիմունքներով փոխանցած է «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան դուստր ընկերութեան՝ «Հարաւկովկասեան երկաթուղիներուն»։ Փետրուարին Փաշինեան յայտնած է, որ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններ ունեցող երկիրը կէնայ գնել երկրի երկաթուղիներու պայմանագրային կառավարման իրաւունքները։
«Հարաւկովկասեան երկաթուղիի մասին ՀՀ վարչապետին յայտարարութիւնները առիթ են՝ յիշեցնելու այն նշանակալի առաւելութիւններուն մասին, որոնք երկրին տնտեսութիւնը կը ստանայ ԵԱՏՄ-ին ընդհանուր առմամբ մասնակցութենէն եւ մասնաւորապէս Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ առեւտուրէն»,- ըսած է Ռեշեթնիքով։
Անոր խօսքով՝ Հայաստանը ԵԱՏՄ անդամ է 2015 թուականէն, եւ անդամակցութեան շնորհիւ ԵԱՏՄ պահանջներուն համապատասխանող հայկական ապրանքները անարգել մուտք ունին Ռուսաստանի, Պելառուսիոյ, Ղազախիստանի եւ Ղրղզիստանի շուկաներ։
«ԵԱՏՄ-ին անդամակցութեան ընթացքին (2015-էն մինչեւ 2025 թուական) ՀՀ արտահանումը ԵԱՏՄ երկիրներ աճած է աւելի քան 13 անգամ՝ 240 միլիոն տոլարէն հասնելով 3,2 միլիառ տոլարի»,- նշած է նախարարը եւ յաւելած, որ հայկական աւանդական արտահանման՝ սննդամթերքի, գիւղատնտեսական արտադրանքի եւ ալքոհոլի աւելի քան 80%-ը, կ’առաքուի ԵԱՏՄ երկիրներ։
«Այնուամենայնիւ, եթէ գնահատենք այս մատակարարումները Միութեան միւս երկիրներու շուկաներուն վրայ անոնց տնտեսական ազդեցութեան տեսանկիւնէն, անոնց նշանակութիւնը չի կրնար նշանակալի համարուիլ։ Ռուսաստանի եւ աշխարհի միջեւ առեւտուրի ընդհանուր շրջանառութեան մէջ Հայաստանի բաժինը չի գերազանցեր 0.9%-ը։ ԵԱՏՄ միւս երկիրներուն համար այս ցուցանիշը աւելի ցած է (Պելառուսիոյ համար՝ 0.3%, Ղազախիստանի համար՝ 0.05%, Ղրղզիստանի համար՝ 0.02%)։ Մեզի համար դժուար պիտի չըլլայ փոխարինել հայկական մատակարարումները»,- սպառնալից յայտնած է Ռեշեթնիքով։
Աւելին՝ ԵԱՏՄ-ն ոչ միայն վաճառքի հիմնական շուկայ է, այլեւ Հայաստանի տնտեսութեան համար անհրաժեշտ միջոցներու հիմնական մատակարարը, շարունակած է նախարարը՝ խօսելով կազի մասին:
«Միութեան ընդհանուր կազի շուկայի շրջանակներուն մէջ Ռուսաստանը Հայաստանին կազ կը մատակարարէ հազար խորանարդ մեթրի համար 177,5 տոլարով։ Եւ եթէ համեմատենք այս գինը ներկայիս «եւրոպական» կազի գիներուն հետ, որոնք ներկայիս կը գերազանցեն հազար խորանարդ մեթրի համար 600 տոլարը, այդ կարելի է բնութագրել միայն որպէս օժանդակութեան։ Հաւանական չէ, որ Միութենէն դուրս որեւէ մէկը կարենայ Հայաստանին առաջարկել նման պայմաններ: Հետեւաբար Եւրոմիութեան միանալու եւ ԵԱՏՄ-ին այլընտրանքներ փնտռելով մենք պէտք է նախեւառաջ հաշուի առնենք առկայ տնտեսական իրավիճակը։ Մասնագիտական գնահատականներու համաձայն՝ եթէ Հայաստանը կորսնցնէ ԵԱՏՄ շուկայ մուտքը որպէս լիիրաւ անդամ, անոր արտահանումը դէպի Միութիւն պիտի նուազի աւելի քան 60%-ով։ Սա տեղի պիտի ունենայ մաքսային եւ այլ սահմանային վերահսկողութեան վերականգնման, ապրանքներու համար հայկական փաստաթուղթերու ինքնաշխատ ճանաչման դադրեցման եւ լոկիսթիկ ծախսերու աճի պատճառով։ Իսկ կազի վրայ մաքսատուրքերու (30%) նուազեցման շնորհիւ Հայաստանը տարեկան կը խնայէ 120 միլիոն տոլար։ Սա իրական այլընտրանք է ԵԱՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութեան, որ պայմանաւորուած է այն որոշումներով, որոնք բացայայտօրէն յայտարարած է Հայաստանի ղեկավարութիւնը»,- բացատրած է Ռուսաստանի տնտեսական զարգացման նախարարութեան ղեկավարը։
Ան կը կարծէ, թէ Հարաւկովկասեան երկաթուղիին հետ կապուած իրավիճակը պէտք է դիտարկել նոյն ոգիով։
«Սա ռուսական ընկերութեան «անվճար» հաշիւ չէ, այլ ձեռնարկութիւն, որուն մէջ մենք արդէն ներդրած ենք աւելի քան 30 միլիառ ռուպլի, գնած նոր շարժակազմ եւ կը զարգացնենք ենթակառուցուածքներ՝ հիմնուելով պայմանագրային պարտաւորութիւններու վրայ։ Եթէ այդ պարտաւորութիւնները միակողմանիօրէն վերանայուին, եւ մեր ներդրողը վնաս կրէ, մենք հիմք պիտի ունենանք պահանջելու փոխհատուցում։ Այն միտքը, որ Ռուսաստանը պէտք է Հայաստանին որեւէ յաւելեալ վճար վճարէ նման իրավիճակի մէջ, անհիմն է»,- ըսած է նախարարը։

