Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն յայտնած է, որ Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող զուարճանքի եւ ժամանցի կեդրոնին մէջ բացայայտած է շուրջ 300 միլիոն դրամի ստուերային շրջանառութիւն:
Ըստ հաղորդագրութեան.- «ընկերութեան պատասխանատու անձանց կողմից թերյայտարարագրւում են իրացման իրական շրջանառութիւնները, ինչի արդիւնքում պակաս են հաշուարկւում պիւտճէ վճարուող հարկային պարտաւորութիւնները: Պարզուել է, որ ընկերութեան կողմից 2025-26թթ-ին կազմակերպուած թուով 25 խնճոյքներից ձեւաւորուած 300 միլիոն ՀՀ դրամ գումարի չափով հասոյթը չի արտացոլուել հարկային մարմին ներկայացուած հաշուարկներում։ Արդիւնքում չի հաշուարկուել եւ պետական պիւտճէ չի վճարուել շուրջ 82 միլիոն ՀՀ դրամ»:
Իրաւապահները յայտնած են, որ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ՝ հարկերը չվճարելու յօդուածով:
ԲՀԿ առաջնորդ, գործարար Գագիկ Ծառուկեան Յուլիս 7-ին երկու ամիսով կալանաւորուեցաւ՝ առանձնապէս խոշոր չափերով խարդախութիւն եւ փողերու լուացում կատարելու մեղադրանքով: Փաստաբանները անհիմն կ’որակեն մեղադրանքը:

