Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Պետութեան Պատճառուած Է Մօտ 870 Միլիոն Դրամի Վնաս. ՊԵԿ-ը Ծառուկեանին Առնչուող Վարոյթով Նոր Մանրամասնութիւններ Յայտնած Է

Պետութեան Պատճառուած Է Մօտ 870 Միլիոն Դրամի Վնաս. ՊԵԿ-ը Ծառուկեանին Առնչուող Վարոյթով Նոր Մանրամասնութիւններ Յայտնած Է

by MassisPost

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի հետաքննութեան եւ հետախուզութեան վարչութիւնը իրեն վերապահուած գործառոյթներու շրջանակին մէջ հարկային իրաւախախտումներու կանխման ու բացայայտման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն մէջ մշակած, ձեռնարկած եւ իրականացուցած է համալիր հետախուզական միջոցառումներ՝ վառելանիւթի ոլորտին մէջ յանցաւոր կառուցուածքներով համատեղ գործունէութիւն իրականացնող տնտեսվարողները բացայայտելու նպատակով։

«ՀՀ Պետական Եկամուտների Կոմիտէի հետաքննութեան եւ օպերատիւ հետախուզութեան վարչութիւն տեղեկութիւններ են ստացուել այն մասին, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնից ՀՀ տարածք է ներմուծւում ավիոկերոսին, որի իրացման վերաբերեալ ՀՀ ՊԵԿ տեղեկատուական բազայում տեղեկութիւններ առկայ չեն։

«Հարկային իրաւախախտումների կանխման եւ բացայայտման նպատակով ձեռնարկուած համալիր հետախուզական միջոցառումների արդիւնքում պարզուել է, որ Ռ.Կ.-ն դրածոյ անձանց միջոցով ստեղծել է ինը ընկերութիւն: Այս ընկերութիւնների անուամբ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնից Հայաստանի Հանրապետութիւն ներմուծուել է զգալի ծաւալի ավիավառելիք, որն էլ հետագայում իրացուել է Հայաստանի Հանրապետութիւնում գործող տարբեր անձանց առանց համապատասխան հաշուարկային փաստաթղթերի դուրսգրման։

«Այս ինը կազմակերպութիւնից երեքը իրացման վերաբերեալ չի ներկայացրել համապատասխան հաշուարկ-հաշուետուութիւններ, իսկ վեց կազմակերպութեան ներկայացրած հաշուարկներում արտացոլուել են խեղաթիւրուած տուեալներ՝ այս եղանակով խուսափելով առանձնապէս խոշոր չափերով հարկեր վճարելուց։

«Ձեռք բերուած փաստական տուեալների եւ հանգամանքների վերլուծութեան եւ ուսումնասիրութեան արդիւնքում պարզուել է, որ Ռ.Կ.-ի հիմնադրած եւ ղեկավարուող ընկերութիւնների գործունէութեան հետեւանքով պետութեանը պատճառուել է շուրջ 870 միլիոն դրամի վնաս։

«Բացայայտուած դէպքերով առերեւույթ յանցանքի մասին հաղորդումներ են ներկայացուել ՀՀ Քննչական Կոմիտէ, որտեղ նախաձեռնուել են քրէական վարոյթներ։

«Նախաքննութիւնը շարունակւում է, իրականացւում են անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններ՝ դէպքի բոլոր հանգամանքները, ինչպէս նաեւ ենթադրեալ յանցաւոր խմբում ներգրաւուած անձանց ամբողջական շրջանակը պարզելու նպատակով»,- կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Միաժամանակ կը հաղորդուի, որ ՀՀ ՊԵԿ հետաքննութեան եւ օպերատիւ-հետախուզությեան վարչութիւնը կը շարունակէ անհրաժեշտ միջոցառումներ ձեռնարկել ոչ միայն կատարուած յանցագործութիւններու բացայայտման, այլեւ զանոնք կանխելու ուղղութեամբ, միաժամանակ կը յորդորէ տնտեսվարողները յայտարարագրել իրական իրացման շրջանառութիւնները։

«Հայկական Ժամանակ»-ի տեղեկութիւններով՝ այս բացայայտումը կապուած է ԲՀԿ կալանաւորուած առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանին առնչուող քրէական վարոյթին հետ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment