Ռուսաստանը կ’ակնկալէ, որ «3+3» տարածաշրջանային խորհրդակցական ձեւաչափով նախարարական հերթական հանդիպումը՝ վեց երկիրներու մասնակցութեամբ, տեղի պիտի ունենայ մօտ ապագային. Մոսկուայի մէջ իր ատրպէյճանցի պաշտօնակիցին հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով։
«Կ’ակնկալենք, որ մօտ ժամանակներս մեր ատրպէյճանցի եւ հայ գործընկերները կը համաձայնեցնեն նախարարական յաջորդ հանդիպման ժամանակացոյցը, եւ մենք կ’որոշենք, թէ այն ուր տեղի կ’ունենայ՝ Պաքուի, թէ Երեւանի մէջ», – ըսած է Լաւրով։
Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարը նշած է, որ «3+3» հարթակը (Ռուսաստան, Ատրպէյճան, Հայաստան, Իրան, Թուրքիա, Վրաստան) զգալի ներուժ ունի տարածաշրջանային մարտահրաւէրները տարածաշրջանի երկիրներու ուժերով լուծելու համար՝ առանց արտաքին ապակառուցողական միջամտութեան։
Լաւրով յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Յուլիս 13-ին վերահաստատած էր այս մեխանիզմի պահանջուած ըլլալը, իսկ Յունիս 5-ին Սան Փեթերպուրկի միջազգային տնտեսական համաժողովի շրջանակին մէջ կայացած էր ձեւաչափի բոլոր վեց մասնակից պետութիւններու փորձագէտներու հանդիպումը։
Շուշիի մէջ կայացած «IV համաշխարհային մետիա համագումար»ի ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նշած էր, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ «3+3» ձեւաչափը պէտք է զարգանայ որպէս իրաւահաւասար վեցկողմ փոխգործակցութեան լիարժէք մեխանիզմ եւ չվերածուի ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի կրկնութեան։

