Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հիքմեթ Հաճիեւ․ «Հայաստանը Պէտք Է Հրաժարի Տարածքային Պահանջներէն՝ Նոր Սահմանադրութեան Ընդունման Կամ Որեւէ Այլ Իրաւական Մեխանիզմով»

Հիքմեթ Հաճիեւ․ «Հայաստանը Պէտք Է Հրաժարի Տարածքային Պահանջներէն՝ Նոր Սահմանադրութեան Ընդունման Կամ Որեւէ Այլ Իրաւական Մեխանիզմով»

by MassisPost

«Ատրպէյճանի համար կարեւոր է, որ այն դրոյթները, որոնք մենք տարածքային պահանջ կը համարենք մեր երկրին նկատմամբ, պաշտօնապէս վերացուած ըլլան՝ նոր սահմանադրութեան ընդունման, թէ իրաւական մէկ այլ մեխանիզմի միջոցով»,- «Reuters»-ի հետ զրոյցին նշած է Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին կապերու հարցով օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը։

Անոր հետ մէկտեղ ատրպէյճանցի պաշտօնեան յաւելած է. «Սահմանադրական փոփոխութիւններուն ձեւը Հայաստանի ներքին հարցն է»։

«Մենք այժմ կ’ապրինք իրական խաղաղութեան պայմաններու մէջ։ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի համար խաղաղութիւնը այլեւս թուղթի վրայ գրուած ինչ-որ խօսքեր կամ հռչակագրեր չեն՝ ատիկա իրականութիւն է»,- նշած է Հաճիեւ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment