Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՄ-ն Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Գործընթացին․ Մակտալենա Կրոնօ

ԵՄ-ն Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Գործընթացին․ Մակտալենա Կրոնօ

by MassisPost

«ԵՄ-ն պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին»:

«X»-ին մէջ այս մասին գրած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնօն՝ խօսելով Պաքուի մէջ կայացած հանդիպումներուն ժամանակ քննարկուած հարցերուն մասին:

«Մեր քննարկումները կեդրոնացած էին տարածաշրջանային զարգացումներու, Եւրոմիութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու, փոխադրութեան եւ լոկիսթիկ հնարաւորութիւններու, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացի, ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Ատրպէյճանի մէջ ԵՄ բարձր մակարդակի յառաջիկայ շփումներէն առաջ կայանալիք հարցերուն վրայ։

Մենք համաձայնեցանք երկու երկիրներուն միջեւ երկարատեւ խաղաղութեան ճանապարհին պատմական նուաճումներու ստեղծած դրական շարժը պահպանելու կարեւորությեան հարցով։ Եւրոմիութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ այս գործընթացին»,- մանրամասնած է Կրոնօ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment