Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայ-Ամերիկեան Խորհուրդը Մասնակցեցաւ Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութեան Մէջ Կայացած «Ամերիկայի Մէջ Հայերը» Freedom 250 Միջոցառումին

Հայ-Ամերիկեան Խորհուրդը Մասնակցեցաւ Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութեան Մէջ Կայացած «Ամերիկայի Մէջ Հայերը» Freedom 250 Միջոցառումին

by MassisPost

Հայ-ամերիկեան խորհուրդը (ACA) միացաւ հայ-ամերիկեան համայնքի առաջնորդներուն, ամերիկացի քաղաքական որոշում կայացնողներուն եւ միջազգային գործընկերներուն՝ Ուաշինկթընի Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութեան մէջ տեղի ունեցած «Ամերիկայի Մէջ Հայերը» Freedom 250 միջոցառումին։ Հայաստանի Հանրապետութեան Միացեալ Նահանգներու մօտ դեսպանատան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) համատեղ հիւրընկալած ձեռնարկը արժեւորեց հայ-ամերիկացիներու տեւական ներդրումը Միացեալ Նահանգներուն եւ անոնց դերը՝ ժողովրդավարական ընդհանուր արժէքներու ամրապնդման մէջ։

ACA-ի վարչութեան ատենապետ Սեւակ Խաչատուրեան եւ կառավարական յարաբերութիւններու գործադիր տնօրէն Դանիէլ Գուշակճեան մասնակցեցան ծրագիրին, որ համախմբած էր Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան, Ուաշինկթընի դիւանագիտական շրջանակներուն եւ հայ-ամերիկեան համայնքին պատկանող ականաւոր առաջնորդներ։

Ծրագիրը բացուեցաւ Թրամպուլի, Քոնեքթիքաթ նահանգի Սուրբ Համբարձում Հայկական Եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Յունցակ քհնյ. Նալպանտեանի աղօթքով, որ նաեւ փոխանցեց ողջոյնի եւ բարեկամութեան պատգամներ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Պարսամեանի կողմէ։ Ուաշինկթընի Սուրբ Մարիամ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մանկական երգչախումբը կատարեց Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական օրհներգները։

ՀԲԸՄ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Հայկ Արիեան ստանձնեց հանդիսավարի պարտականութիւնը։

Ծրագիրին ընթացքին ելոյթ ունեցան դեսպան Նարեկ Մկրտչեան, ՀԲԸՄ Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սամ Սիմոնեան, ՀԲԸՄ փոխնախագահ Արտա Յարութիւնեան, Freedom 250-ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Քիթ Քրաչ եւ Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութեան արդիւնաբերութեան եւ անվտանգութեան փոխնախարար Ճեֆրի Քեսլըր։ Անոնք ընդգծեցին հայ-ամերիկեան համայնքին ներդրումը Ամերիկայի քաղաքացիական կեանքին, տնտեսական զարգացման եւ ժողովրդավարական դիմակայունութեան մէջ։

Միջոցառումը նաեւ յատուկ յարգանքի տուրք մատուցեց այն հայ-ամերիկացիներուն, որոնք ծառայած են Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերուն մէջ՝ շեշտելով անոնց երկարամեայ նուիրումը Ամերիկայի պաշտպանութեան գործին։ Հիւրերուն յանձնուեցաւ ՀԲԸՄ-ի 1951 թուականի «Our Boys» հրատարակութեան յուշանուէր վերատպութիւնը, համապարփակ ժողովածու մը, որ կը փաստագրէ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին մասնակցած հայ-ամերիկացի զինուորներու եւ զինուորուհիներու ծառայութիւնը, զինուորական ասպարէզը եւ պատերազմի տարիներու անոնց պատմութիւնները։

«Նման միջոցառումները կը վերահաստատեն Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ երկարամեայ ու ռազմավարական յարաբերութիւնը, որ հիմնուած է ոչ միայն ընդհանուր շահերու, այլեւ ընդհանուր արժէքներու վրայ», ըսաւ Ուաշինկթընի մէջ ACA-ի կառավարական յարաբերութիւններու գործադիր տնօրէն Դանիէլ Գուշակճեան։ «Հայ-ամերիկացիները նշանակալի դեր ունեցած են ամերիկեան քաղաքացիական եւ տնտեսական կեանքի ձեւաւորման մէջ, եւ այդ ժառանգութիւնը այսօր եւս կը շարունակէ հարստացնել ամերիկեան հասարակութեան խճանկարը»։

Միջոցառումը կազմակերպուած էր Freedom 250 նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, որ կը նշէ Միացեալ Նահանգներու 250-ամեակը եւ կ’ընդգծէ բազմազան համայնքներու ներդրումը երկրի հիմնադիր սկզբունքներուն եւ մնայուն հզօրութեան մէջ։

Հայ-ամերիկեան խորհուրդը կը շարունակէ իր յանձնառութիւնը՝ առաջ տանելու այնպիսի քաղաքականութիւններ, որոնք կը զօրացնեն ԱՄՆ-Հայաստան յարաբերութիւնները, կը խթանեն մարդու իրաւունքները եւ կը բարձրացնեն հայ-ամերիկացիներու դերը հանրային կեանքին մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment