Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ստորագրուեցաւ Հայաստան-Ֆրանսա Ռազմավարական Գործընկերութեան Մասին Հռչակագիրը

Ստորագրուեցաւ Հայաստան-Ֆրանսա Ռազմավարական Գործընկերութեան Մասին Հռչակագիրը

by MassisPost

Հայաստանը եւ Ֆրանսան ռազմավարական գործընկերութեան մասին համատեղ հռչակագիր ստորագրեցին:

«Եթէ մենք առանց ռազմավարական գործընկերութիւն հաստատելու մասին համաձայնագիր ու փաստաթուղթ ունենալու էսքան ենք արել, պատկերացնում եմ՝ ռազմավարական գործընկերութիւն հաստատելուց յետոյ դեռ ինչ յաջողութիւններ ու նուաճումներ են մեզ սպասւում», – ստորագրման արարողութենէն յետոյ տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց. «Վերջին տարիներուն փափաքած ենք արդիականացնել Հայաստանի զինուած ուժերը, ինքնիշխանութիւնը ամրապնդել: Կարելի է ըսել, սա մեր երկկողմ յարաբերութիւններու կարեւոր հիմնասիւնն է»:

Հայաստանի վարչապետը նշեց, որ ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթը կ’ընդգծէ առկայ իրավիճակն ու այդ առկայ իրավիճակը աւելի արդիւնաւէտ օգտագործելու եւ աւելի արդիւնաւէտ իրացնելու հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ:

«Բարձրագոյն մակարդակով ստորագրուող փաստաթղթերը ուղերձ են երկու երկրների տարբեր ոլորտներին, որ քաղաքական նպաստաւոր պայմաններ են ստեղծուած ու գործընկերութիւններ հաստատելու համար առկայ են բոլոր պայմանները եւ կառավարութիւնների դերն է ստեղծել բարենպաստ մթնոլորտ, որպէսզի մասնաւոր ու պետական հատուածում գործող ընկերութիւնները սկսեն գործել», – ըսաւ Փաշինեան:

Երկու պետութիւններու ղեկավարներուն ներկայութեամբ ստորագրուեցան շարք մը այլ փաստաթուղթեր եւս, այդ շարքին՝ Ռազմական արհեստագիտութիւններու եւ պաշտպանական համակարգերու հետազօտութեան, զարգացման եւ նորարարութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիրը, Արհեստական բանականութեան, կիպեռանվտանգութեան եւ կիսահաղորդիչներու ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ մտադրութիւններու նամակը, Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարան հիմնադրամի վերաբերեալ համաձայնագիրը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment