«Կամաց-կամաց, ինչքան հնարաւորութիւն ունենանք, մենք հսկողութիւնը կը վերցնենք». Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսպէս կ’արձագանգէ ռուս սահմանապահներու՝ Հայաստանի պետական սահմանէն հնարաւոր հեռացման մասին հարցումին։
Հինգշաբթի, կառավարութեան նիստէն յետոյ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին, ի պատասխան «Սիվիլնեթ»-ի հարցումին, Փաշինեան յիշեցուց, որ 1992-ին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ կնքուած ՀՀ տարածքին գտնուող ՌԴ սահմանապահ զօրքերու կարգավիճակին ու անոնց գործունէութեան պայմաններու մասին պայմանագրով նախատեսուած է Հայաստանի սահմանապահ զօրքերու կարողութիւններու զարգացման զուգահեռ սահմանի վերահսկողութիւնը սեփական ուժերով իրականացնելու գործընթաց։
Վարչապետին խօսքով՝ ներկայիս Հայաստանը վճարումներ կը կատարէ ռուս սահմանապահներուն ծառայութեան դիմաց, եւ ռուսաստանցի գործընկերները նախապէս բարձրացուցած են այդ գումարներու աւելացման հարցը։
«Մենք էլ հաշուարկում ենք, որ այդ գումարները աւելացնելու թեման, որ կայ, այդ գումարները ծախսելով՝ արդէն բարձրացուող կամ հաւանականութիւն ունեցող գումարները կարող ենք ծախսել մեր սահմանապահ կարողութիւնները զարգացնելու համար»,- նշեց ան։
Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ հայկական կողմը կը պատրաստուի ստանձնելու սահմանի այն հատուածներուն հսկողութիւնը, որոնց համար ի վիճակի կը լինի ապահովել սահմանապահ կարողութիւններ, իսկ ռուսական կողմը կը շարունակի գործել այն պիւտճէի շրջանակում, որը Հայաստանի համար «ծանր չէ վճարել»։ «Դա հէնց պայմանագրով նախատեսուած է»,- ամփոփեց վարչապետը։
Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին ռուսաստանեան սահմանապահ զօրքերու կարգավիճակին մասին 1992-ի պայմանագրով՝ Ռուսաստանի սահմանապահ զօրքերը Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ համատեղ կ’իրականացնեն Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ սահմանին պահպանութիւնը։
Վերջին երկու տարիներուն, սակայն, Հայաստանի մէջ ռուս սահմանապահներուն ներկայութիւնը էական փոփոխութիւններ կրած է։ Մասնաւորապէս, անոնք դուրս բերուած են «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն եւ հայ-իրանեան սահմանի Ագարակի անցակէտէն։
2020-ի Արցախեան պատերազմէն յետոյ ռուս սահմանապահները ծառայութիւն կ’իրականացնէին նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի տարբեր հատուածներուն մէջ։ Այդ կէտերէն անոնք հեռացան մինչեւ 2023՝ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան տեղակայման զուգահեռ։

