Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԽ-ն Բանաձեւ Ընդունած է, Որով Կ’աջակցի Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն

ԵԽ-ն Բանաձեւ Ընդունած է, Որով Կ’աջակցի Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն

by MassisPost

Եւրոպական Խորհրդարանը 476 կողմ ձայնով ընդունած է բանաձեւ, որով լիակատար աջակցութիւն կը յայտնէ 2026-ի Յունիս 7-ին Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման։

Փաստաթուղթին մէջ կը շեշտուի ընտրական գործընթացի թափանցիկութեան, լրատուական բազմակարծութեան եւ հիմնարար ազատութիւններու պահպանման կարեւորութիւնը:

Եւրոպացի պատգամաւորները կ’ընդգծեն միջազգային ու ներպետական դիտորդական առաքելութիւններու, մասնաւորապէս՝ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի դերը ընտրութիւններու վերահսկման գործին մէջ։ Միաժամանակ, անոնք կը զգուշացնեն ընտրական գործընթացներուն Ռուսաստանի հնարաւոր միջամտութեան մասին՝ դատապարտելով հիպրիտային սպառնալիքները, ապատեղեկատուական արշաւները, կիբերյարձակումները եւ օլիկարխական ցանցերու միջոցով իրականացուող ապօրինի քաղաքական ֆինանսաւորումը։

Բանաձեւին մէջ կ’ողջունուի Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու շարժը եւ Հայաստանի կողմէ Եւրոմիութեան անդամակցելու ձգտման վերաբերեալ օրէնսդրութեան ընդունումը։ Որպէս երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման վկայութիւն՝ կ’առանձնացուին Մայիս 4-ին եւ 5-ին Երեւանի մէջ նախատեսուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ եւ ԵՄ-Հայաստան անդրանիկ գագաթաժողովները, որոնք կը գնահատուին որպէս համաեւրոպական համերաշխութեան ազդակ։

Անդրադառնալով տարածաշրջանային անվտանգութեան՝ Եւրոպական Խորհրդարանը կը վերահաստատէ աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման ու խաղաղութեան պայմանագրի կնքման։ Կ’ընդգծուի, որ կայուն խաղաղութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքներուն վրայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment