Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Թրքական Աշխատանքային Խումբի Հանդիպում՝ Կիւմրի-Կարս Երկաթգիծի Գործարկման Վերաբերեալ

Հայ-Թրքական Աշխատանքային Խումբի Հանդիպում՝ Կիւմրի-Կարս Երկաթգիծի Գործարկման Վերաբերեալ

by MassisPost

Ապրիլ 28-ին Կարսի մէջ հանդիպած է Կիւմրի-Կարս երկաթգիծի վերականգնման եւ գործարկման՝ Հայաստան-Թուրքիա համատեղ աշխատանքային խումբը:

Արտաքին գործերու նախարարութենէն կը հաղորդեն, որ տարածաշրջանի փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ընդլայնման ծիրին մէջ հայկական ու թրքական կողմերը ընդգծած են Կիւմրի-Կարս երկաթգիծի շուտափոյթ գործարկման կարեւորութիւնը:

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւնը ողջունած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տասնամեակներ շարունակ փակուած «տնտեսական ու հասարակական կապերու վերաբացման ուղղութեամբ այս յստակ քայլերու ձեռնարկումը»։ Դեսպանատունը սա որակած է պատմական յառաջընթաց խաղաղ ու բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի կերտման ճանապարհին։

«Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ այս առանցքային օղակի վերականգնումը տարածաշրջանային կապուղիներու բացման եւ տարածաշրջանային կայունութեան ապահովման կարեւոր քայլ է»,- յայտարարած է դեսպանատունը՝ նշելով նաեւ, որ այս «շրջադարձային զարգացումներու» համար հիմքեր նախապատրաստուած էին Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի գագաթաժողովին։

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները Նոյեմբերին ունեցած էին Կիւմրի-Կարս երկաթգիծի վերականգնման եւ շահագործման ուղղուած տեխնիկական քննարկումներու երկրորդ փուլը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւելի վաղ յայտնած էր, որ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի ծաւալած դրական երկխօսութիւնը յոյս կու տայ, որ յառաջիկային կրնանք հայ-թրքական սահմանի բացում ունենալ:

Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Հաքան Ֆիտանն ալ յայտնած էր, որ երբ Երեւանն ու Պաքուն ստորագրեն վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիր, Անքարան պատրաստ պիտի ըլլայ կարգաւորելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ:

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան օրերս Թուրքիոյ մէջ յայտնած էր, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Անքարան Ատրպէյճանի ազդեցութեան գերին է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment