ՄԻԵԴ-ը Ատրպէյճանին պարտաւորեցուցած է ներկայացնել հայ գերիներուն դէմ յարուցուած քրէական վարոյթի շրջանակներուն մէջ կայացուած դատավճիռներուն պատճէնները կամ այդ դատավճիռներուն ամփոփագրերը, որոնք պէտք է ներառեն դատավճիռ կայացուցած դատաւորներուն հիմնաւորումները՝ գործին մէջ առկայ ապացոյցներուն վրայ հիմնուած։ Այս մասին յայտնած է Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնը։
ՄԻԵԴ-ը Ապրիլ 9-ին մերժած է Ատրպէյճանի հերթական դիմումը՝ Ատրպէյճանի կառավարութեան կրկին պարտաւորեցնելով շարունակել տրամադրել տեղեկութիւններ կալանաւորուածներու պահման պայմաններուն, ինչպէս նաեւ անոնց վերջին բժշկական քարտերուն ու իրականացուած բժշկական հետազօտութիւններուն եւ բուժման վերաբերեալ այլ փաստաթուղթերուն մասին:
Ատրպէյճանը շարունակաբար դիմում կը ներկայացնէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան՝ խնդրելով վերացնել միջանկեալ միջոցը, որով Ատրպէյճանը կը պարտաւորուի պարբերաբար հաշուետուութիւն ներկայացնել Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու պահման պայմաններուն, անոնց առողջական վիճակին մասին։ Ատրպէյճան կը հաւաստիացնէ, որ բոլոր գործընթացները կ’ընթանան թափանցիկ եւ հրապարակային։
Զեկոյցի ներկայացման յաջորդ վերջնաժամկէտը 2026-ի Օգոստոս 31-ն է։

