Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանէն Մատակարարումներու Սահմանափակումները Քաղաքական Չեն․ Ռոսսելխոզնադզօր

Հայաստանէն Մատակարարումներու Սահմանափակումները Քաղաքական Չեն․ Ռոսսելխոզնադզօր

by MassisPost

Հայաստանէն որոշ պարէնային ապրանքներու մատակարարումներուն նկատմամբ ռոսսելխոզնադզօրի սահմանափակումները պայմանաւորուած են ոչ թէ քաղաքականութեամբ, այլ յայտնաբերուած խախտումներով։ «Ռոսիյսկայա Գազետա» թերթին այս մասին ըսած է գերատեսչութեան ղեկավար Սերկէյ Տանքվերթը։

«Տուեալ պարագային խօսքը բոլորովին այլ բանի մասին է»,- ըսած է Տանքվերթ։

Անոր խօսքով՝ Հայաստանի խնդիրը արտադրութեան եւ վերահսկողութեան կազմակերպումն է։ Մասնաւորապէս, Տանքվերլ մատնանշած է այն հանգամանքը, որ այնտեղ կ’աշխատին մեծ թիւով մանր ագարակապաններ, որոնք կ’աճեցնեն եւ կ’արտահանեն իրենց արտադրանքը։

«Բայց արտադրութեան եւ  առաքման միջեւ փաստացի բացակայ է ներքին վերահսկողութեան եւ համագործակցութեան համակարգը։ Հազարաւոր կապ խոտաբոյսեր կը հաւաքուին մէկ մեքենայի մէջ, որմէ յետոյ վերահսկող մարմինները պէտք է
ստուգեն արտադրանքի հսկայական ծաւալներ։ Ֆիզիքապէս այդ անհնար է»,- պարզաբանած է Ռոսսելխոզնադզօրի ղեկավարը։

Տանքվերթ ընդգծած է, որ արտադրանքի վերահսկողութիւնը պէտք է իրականացուի անմիջապէս արտադրութեան փուլին։ Ան յաւելած է, որ, այդ շարքին՝ համակարգի արդիւնաւէտ աշխատանքի համար, անհրաժեշտ է համագործակցութիւն, արտադրական վերահսկողութիւն, ինչպէս նաեւ արտադրողներու միաւորումներու պատասխանատուութիւն։

«Այդ կը պակսի այսօր։ Անոր համար ալ սահմանափակումներու պատճառները կը գտնուին արտադրանքի որակի եւ անվտանգութեան տիրոյթին, այլ ոչ թէ քաղաքականութեան մէջ»,- նշած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment