Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Los Angeles Times» Պարբերականը Հրապարակած Է Ծաւալուն Զեկոյց՝ Նուիրուած Հայաստանի Զարգացման Հեռանկարներուն Եւ Ներդրումային Գրաւչութեան

«Los Angeles Times» Պարբերականը Հրապարակած Է Ծաւալուն Զեկոյց՝ Նուիրուած Հայաստանի Զարգացման Հեռանկարներուն Եւ Ներդրումային Գրաւչութեան

by MassisPost

Հեղինակաւոր «Los Angeles Times» պարբերականը հրապարակած է ծաւալուն զեկոյց՝ նուիրուած Հայաստանի զարգացման հեռանկարներուն եւ երկրի ներդրումային գրաւչութեան։

Հայաստանի արհեստագիտական ոլորտի զարգացման ռազմավարութիւնը, արձանագրուած յառաջընթացն ու յառաջիկայ նպատակները պարբերականին հետ զրոյցին ընթացքին ներկայացուցած է ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեանը՝ ընդգծելով, որ երկիրը քայլ առ քայլ կը վերածուի տարածաշրջանային արհեստագիտական հանգոյցի։

Նախարարը անդրադարձած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ իրականացուող համակարգային բարեփոխումներուն՝ շեշտադրելով պետական աջակցութեան 7-ամեայ ծրագրին նշանակութիւնը, որու ծիրին մէջ ներդրուած են հարկային արտօնութիւններ եւ ֆինանսական աջակցութեան մրցունակ մեխանիզմներ՝ նպատակ ունենալով արագացնել արհեստագիտական ոլորտի աճը եւ բարձրացնել միջազգային մրցունակությունը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment