ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՎԱՐԵՑ ՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»
12 Փետր. 2026-ին, Սփիւռքի կարգ մը երեւելիներ հանդէս եկան հրապարակային յայտարարութեամբ մը, Հայաստանի կառավարութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ ընթացիկ հակամարտութեան վերաբերեալ: Իսկ 19 Փետր. 2026-ին, Եպիսկոպոսաց հաւաքը, աւարտելով իր երկօրեայ նիստերը Աւստրիոյ Սանկտ Փյոլթըն քաղաքին մէջ, հանդէս եկաւ նոյն հարցի վերաբերեալ յայտարարութեամբ մը: Նկատելով որ հոն արծարծուած կարգ մը տեսակէտներ, ոչ միայն ճիշտ չեն, այլ՝ ընդվզեցուցիչ եւ վտանգաւոր, որոշեցինք հարցազրոյց մը ունենալ յայտնի պատմաբան, քաղաքագէտ եւ դիւանագէտ՝ Դոկտ. Ժիրայր Լիպարիտեանի հետ, քննարկելու այդ հարցերը: Ստորեւ կը ներկայացնենք 22 Փետրուարին կայացած այդ հարցազրոյցը:
-Երբ տագնապ մը կամ խնդիր մը կայ, պէտք է փնտռել որ ի՞նչ են անոր յառաջացման հիմնական պատճառները: Դժբախտաբար, այդ չըլլար, ու փոխարէնը, մարդիկ կը փորձեն պղտորել ջուրերը, իրենց նախընտրած ձուկը որսալու համար:
Շնորհակալ եմ մօտեցումներս ներկայացնելու այս առիթը տալու համար։ Ըսելիքներս հիմնաւորելու համար, նախ խօսիմ ընկալումներուս ու մեկնաբանութիւններուս հիմք կազմող մի քանի սկզբունքներու մասին։ Այսինքն՝ ինչպէ՚ս կ՚ընթանամ երբ կը մտածեմ նման հարցերու մասին։
Առաջին, որեւէ անհատ, կազմակերպութիւն, կուսակցութիւն կամ կառոյց, որ պատմութեան մէջ դեր կատարած է՝ ենթակայ է պատմութեան դատողութեան, պատմաբանի կողմէ քննարկման։ Այդ դատողութիւնները միշտ ալ հաճելի չեն։ Նմանապէս, որեւէ անհատ, կազմակերպութիւն, կուսակցութիւն կամ կառոյց, որ կը մտնէ քաղաքական դաշտ՝ ենթակայ է քաղաքական դաշտի կանոններուն, որոնք երբեմն դաժան են։
Երկրորդ, այդ անհատները, կազմակերպութիւնները, կուսակցութիւնները կամ կառոյցները կրնան մաս կազմել խնդրի մը առաջացման կամ խնդրի մը լուծումին։ Թէ անոնք ո՞ր սիւնակին կը պատկանին՝ իրենց ընտրութիւնն է։
Երրորդ, այն ինչ չենք գիտեր որ պէտք էր գիտնայինք, այն ինչ գիտենք բայց այս կամ այն պատճառով կ՚անգիտանանք կամ «կը մոռնանք»՝ նոյնքան կարեւոր են որքան այն ինչ կը հատատենք մեր մտածելու ընթացքին եւ մեր խօսքի մէջ։
Չորրորդ, այն ինչ կ՚ըսենք ու կ՚ընենք կարեւորութիւն ունին եւ անոնց համար պատասխանատու ենք։ Պատասխանատու ենք նաեւ այն ինչի համար, որ չըսինք ու չըրինք, երբ պէտք էր ըսէինք կամ ընէինք։
Այս սկզբունքները կրնան բնական կամ պարզ թուիլ, անգամ մը որ ձեւակերպուած են. սակայն անոնք յաճախ կ՚անտեսուին մեր հրապարակային դիրքորոշումներու պարագային։
Հիմա պատասխանեմ պղտոր ջուերերու մէջ ձուկ որսալու մասին ձեր հարցումին։
Ճիշդ էք, պղտոր ջուերերու մէջ ձուկ որսացողները շատ են։ Կան նաեւ պարագաներ երբ մեկնաբանողի մը նպատակը ազնիւ է, ջուրերը պղտորելու նպատակ չունի, սակայն մեկնաբանութիւնը զուրկ է հիմնաւորումէ։ Այս պարագային մեկնաբանութիւնը այնքան ալ օգտակար չէ, երբեմն ալ վնասակար է, որովհետեւ այդ մօտեցման հիմնադրոյթները չեն քննարկուած։
-Ի՞նչ են դրդապատճառները, որ կը մղեն այս անհատները, խօսելու համայն սփիւռքի անունով եւ ընելու այսպիսի ահաւոր յայտարարութիւն մը: Մեր պարտաւորութիւնը պէտք է ըլլայ բացայայտել կրօնական թէ աշխարհիկ մարդոց միտումները, որոնք կը սպառնան վտանգել Հայաստանի եւ աշխարհի հայերու ապահովութիւնն ու բարօրութիւնը:
Ես կասկածի տակ չեմ դներ այդ երեւելիներու յայտարարութիւնը ստորագրողներու ազնուութիւնն ու հայրենասիրութիւնը։ Անոնց մեծ մասը շատ մեծ օգտակարութիւն ունեցած է եւ տակաւին ունի Հայաստանի հանրապետութեան բարօրութեան ամրապնդման մէջ։ Յոյս ունիմ նաեւ, որ անոնք կը շարունակեն իրենց արժէքաւոր ներդրումը։ Սակայն այդ չի նշանակեր, որ իրենց ամէն մէկ քայլը կամ խօսքը ի վերջոյ կը համապատասխանէ Հայաստանի պետական կամ այնտեղ ապրող ժողովուրդի շահերուն։
Այդ յայտարարութիւնը իր էութեամբ քաղաքական է, նոյնիսկ եթէ ստորագրողները կը մտածեն, որ իրենք միայն եկեղեցիի պաշտպանութեան մասին կը խօսին։ Որովհետեւ պարզ խօսելով, եկեղեցին ինքը քաղաքականացած է։ Յաճախ մարդիկ չեն մտածեր, որ ընթերցողը իրենց խօսքը կ՚ընկալէ ընդհանուր համաթեքսթի մէջ եւ ոչ թէ իրենց մտքի մէջ ունեցած նեղ սահմանումով նպատակի իմաստով։
Ինչպէս սկիզբը ըսի, հրապարակի մէջ նետուած որեւէ դիրքորոշում ենթակայ է բոլորիս ընկալման եւ քննարկման։ Այն երեւելիները, որոնք յղացած, խմբագրած ու ստորագրած են այդ յայտարարութիւնը, այն սխալ ենթադրութեամբ են աշխատած, որ ամէն ընթերցող այդ յայտարարութիւնը պիտի ընկալէ իրենց մտադրած եւ խմբագրած սահմաններու մէջ, որ իրենց խօսքը կրնայ միայն դրական իմաստ ունենալ։ Իսկ այդ ենթադրութիւնը թերեւս կը բխի իրենց այն համոզումէն, որ ամէն ընթերցող այդ խօսքը պիտի ընկալէ որպէս բացարձակ ճշմարտութիւն, որովհետեւ իրենք երեւելի են։
Կը կարծեմ, որ այդ ստորագրողներու մի քանին արդէն անդրադարձած են որ այդ յայտարարութեան մէջ խնդրահարոյց արտայայտութիւններ կան եւ հիմա կը փորձեն անձնական խօսակցութիւններու ընթացքին բացատրել այդ բոլորը, նոյնիսկ յետքայլ ընել։ Սակայն այդ վերագնահատումը պէտք էր ընէին նախքան այդ յայտարարութիւնը ստորագրելը։ Կամ ալ հիմա արտայայտեն հրապարակաւ, այնպէս ինչպէս ըրին իրենց յայտարարութեան պարագային։
-Իսկ համայն Սփիւռքի անունով խօսելու հա՞րցը։
Համայն Սփիւռքի անունով խօսիլը առ նուազն արդարացած չէ։ Բայց այդ անյքան կարեւոր չէր ըլլար եթէ անոր իմաստը այդքանով սահմանուէր։ Այս պարագային անկէ անդին կ՚անցնի։ Նախ անտեսութիւն կամ անգիտութիւն կը խոստովանի Սփիւռքի բարդ էութեան մասին։ Սակայն այդ ստորագրողներու մեծ մասը լաւատեղեակ մարդիկ են։ Թէ ինչո՞ւ նման իրաւունք կը վերապահեն իրենց կամ նման բեռ իրենց վրայ կը վերցնեն՝ կրնամ միայն ենթադրել։ Ընթերցողն ալ կրնայ նոյնը ընել։
1995ին կամ 1996ին, երբ Հայաստանի նախագահի հետ կ՚աշխատէի, օր մը եղաւ երբ Սփիւռքահայ բազմաթիւ երեւելիներ եւ ղեկավարներ Երեւան կը գտնուէին։ Նախագահ Տէր-Պետրոսեանը ընդունեց իր հետ հանդիպելու տարբեր խումբերու դիմումները։ Նախագահը ուզեց, որ ես ալ ներկայ ըլլամ այդ հանդիպումներուն, որովհետեւ սփիւռքահայ էի եւ ծանօթ սփիւռքահայութեան հարցերուն եւ մօտեցումներուն։ Ես խնդրեցի, որ ան հասկնայ թէ ինչո՞ւ չէի ուզէր մասնակցիլ այդ հանդիպումներուն։ Նախ, որովհետեւ ընդհանրապէս հեռու կը մնայի այդ դաշտի մէջ մտնելէ։ Երկրորդ, որովհետեւ արդէն թաղուած էի Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու եւ Ղարաբաղեան հակամարտութեան եւ այլ հարցերով բազմաթիւ այլ պետութիւններու հետ բանակցութիւններու մէջ։
Օրուան վերջը, մի քանի խումբերու հետ արդէն հանդիպելէն վերջ, նախագահը նորէն զանգեց ու հրաւիրեց Սփիւռքահայ խումբերու հետ իր վերջին հանդիպման ներկայ ըլլամ։ Ներկայ եղայ։ Սփիւռքի այդ ներկայացուցիչներու հետ այդ հանդիպման աւարտին, նախագահը ըսաւ մօտաւորապէս հետեւեալը. ամբողջ օրը լսած եմ Սփիւռքահայ տարբեր խումբերու խօսքը։ Իւրաքանչիւրդ իրարմէ տարբեր, երբեմն ալ իրար հակասող դիրքորոշումներ ու պահանջներ ունիք։ Սակայն իւրաքանչիւրդ կը խօսիք ամբողջ Սփիւռքի անունով։ Ես ո՞ր սփիւռքին ըսածի հիման վրայ Սփիւռքի նկատմամբ քաղաքականութիւն որդեգրեմ։ Ճիշդ եմ թէ սխալ՝ ես կրնամ խօսիլ Հայաստանի անունով։ Երբ Սփիւռքը իր ձեւով ստեղծէ կառոյց մը, ղեկավար մը, որ իրաւասութիւն ունի Սփիւռքի անունով խօսելու՝ ես անոր հետ հաւասարէ հաւասար կը նստիմ ու կը քննարկեմ մեր հարցերը։
Փաստը այն է, որ նման սփիւռքեան կառոյց եւ ղեկավար չկայ։ Միացեալ նահանգներու մէջ Հայկական Համագումարը փորձեց նման կառոյց դառնալ։ Շատ շուտով դարձաւ միայն մէկ այլ կառոյց, միւսներու շարքին։ Ֆրանսայի մէջ նման փորձը նոյնպէս ձախողած է, որովհետեւ նորաստեղծ, այսպէս կոչուած համաֆրանսահայ կազմակերպութիւնը դարձաւ գործիք երկու անձերու ձեռքին։
Այս հարցի կապակցութեամբ ընթերցողներուն կ’առաջարկեմ ծանօթանալ, եթէ արդէն չեն տեսած, Կարօ Արմէնի զուսպ եւ իմաստուն յայտարարութեանը, ի պատասխան երեւելիներու յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսահայ գիտնական Տիգրան Եկաւեանի Մետիամաքսի հետ հարցազրոյցին, որը կարեւոր է մանաւանդ Սփիւռքի կառոյցներու խնդրի կապակցութեամբ։
-Նկատելով որ երեւելիներու յայտարարութեան մէջ շեշտուած է մեր քրիստոնէական հաւատքի ամենահին դաւանողներէն մին ըլլալու եւ դարերու ընթացքին ազգապահպանման մէջ հայ եկեղեցիին խաղացած կարեւոր դերին մասին, ինչպէս նաեւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու հարցը, ի՞նչ է ձեր գնահատումը այս մասին:
Եկեղեցին միաժամանակ եղած է թէ՛ խնդրի մը լուծում, եւ թէ՛ ինքնին՝ խնդիր։
Եկեղեցւոյ ներսի բաժանումներն ու եկեղեցականներու սխալ վարքագիծը եղած են եկեղեցւոյ պատմութեան անբաժանելի մասը․ չորս աթոռներէն իւրաքանչիւրը ունեցած է իր բաժինը խնդրահարոյց վարքագիծի եւ քաղաքականութեան իմաստներով ։ Այդ խնդիրները միշտ ալ հրաւիրած են հասարակութեան ու քաղաքական ուժերու ուշադրութիւնը, մանաւանդ որ եկեղեցին պատրաստ չէ եղած կամ չէ կարողացած այդ խնդիրները լուծել։
Աւելի կարեւոր է Եկեղեցւոյ կասկածելի դերակատարութիւնը մեր քաղաքական մտածողութեան հիմնարար խնդրին մէջ։ 11-րդ դարուն Հայաստանի մէջ պետականութեան կորուստէն ետք, սելճուքներն ու ապա մոնկոլները համակարգուած կերպով ոչնչացուցին մեր քաղաքական վերնախաւը։ Ազնուականութիւնը, մեր իշխանները՝ լաւ թէ վատ, կը ներկայացնէին այդ քաղաքական ղեկավարութիւնը։ Զուգահեռաբար իշխանական դասի վերացման, մանաւանդ մոնկոլները զօրացուցին Հայ Եկեղեցին, որ դարերու ընթացքին դարձաւ այն գործիքը, որով քաղաքական միաւորէ մը մեզ վերածեց կրօնական համայնքի մը։ Իբրեւ հիմնականօրէն իսլամական կայսրութիւններու մէջ ապրող կրօնական համայնք, անխուսափելի էր, որ մեր խնդիրները ընկալէինք որպէս քրիստոնէական համայնքի խնդիրներ, որոնց փրկութիւնը կարելի էր որոնել միայն օտար, բայց քրիստոնէական ուժերու մէջ։ Կրօնքը, լեզուն եւ մշակոյթը դարձան մեր ինքնութեան հիմքերը, եւ այս բոլորը փոխանցուեցան եկեղեցւոյ միջոցով: Ասոր համար ալ եկեղեցին մեր պատմութեան մէջ ունեցաւ կարեւոր դեր։ Սակայն այս մէկը եղաւ քաղաքական ինքնութեան եւ քաղաքական մտածողութեան կորուստի հաշուին։ Դժբախտաբար, այս մտածելակերպը տակաւին կը հիմնաւորէ սփիւռքեան ինքնութեան քաղաքականութիւնը, իսկ որոշ չափով՝ նաեւ Հայաստանինը։
Երկու յեղափոխական քաղաքական կուսակցութիւնները՝ Հնչակեաններն ու Դաշնակցութիւնը, փորձեցին այս իրականութիւն յեղափոխել, քաղաքականացնել մեր ժողովուրդը։ Ով որ կարդացած է անոնց հիմնադիր ծրագրերն ու սկզբունքները, պիտի տեսնէ, որ եկեղեցին, նոյնիսկ կրօնքը, ընդհանրապէս չեն յիշուիր։ Սակայն կուսակցութիւններն ալ վերջ ի վերջոյ չկարողացան ամբողջապէս հեռանալ քրիստոնէական կրօնական համայնք ըլլալու ինքնապատկերացումէն։
Իսկ այդ բոլորի գիտակցութիւնը չկայ այդ երկու յայտարարութիւններուն մէջ։
-Ի՞նչ խնդիր կը ստեղծէ այդ մէկը:
Ազգի, քաղաքական կուսակցութեան կամ եկեղեցւոյ իդէալականացուած պատմութիւնը խնդիր է, որովհետեւ կը խոչընդոտէ մեր կառոյցներու լուրջ գնահատումին։ Այդ յայտարարութիւններու մէջ տեղ գտած գնահատականներն ու դիրքորոշումները որպէս հիմք կ՚օգտագործեն իդէալականացուած պատմութիւնը, որը չի կրնար օգտակար դասերու յանգեցնել։ Ընդհակառակը՝ երբեմն կը ներշնչէ այնպիսի դասեր, որոնք կը տանին եւ տարած են ձախողութիւններու ու աղէտներու։ Վերջապէս, նոյնիսկ երբ եկեղեցին ինք քաղաքականութիւն չէր նախաձեռներ, ան թոյլ տուաւ, որ օգտագործուի քաղաքական ուժերու կողմէ՝ թէ՛ Խորհրդային Հայաստանի մէջ եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ, դառնալով բաժանման եւ հակամարտութեան գործիք։
Վերոյիշեալ վերլուծութիւնը ոչ մէկ ձեւով կը նսեմացնէ եկեղեցւոյ արժէքը՝ իբրեւ մշակոյթ եւ ինքնութիւն փոխանցող կառոյց՝ մանաւանդ պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ։
Սակայն պատմութեան մէջ հազուադէպ չէ, որ կառոյց մը լուծէ մէկ խնդիր, բայց միեւնոյն ժամանակ ստեղծէ մէկ ուրիշ, նոյնիսկ աւելի մեծ խնդիր մը։ Իմ դիտարկումներս, կը կարծեմ, կը ներկայացնեն եկեղեցւոյ դերի պատմականօրէն աւելի ամբողջական գնահատում մը՝ այսինքն՝ կրօնահիմն մշակոյթի եւ ինքնութեան գերիշխանութեան բացասական ազդեցութիւնը քաղաքական հարցերու մեր ընկալման եւ քաղաքական վարքագիծի վրայ։ Ինչպէս այս երկու յայտարարութիւններու պարագան է, երբ մենք եկեղեցիի մասին կը խօսինք՝ քաղաքանութիւն է որ կը վարենք, երբ քաղաքականութիւն կը խօսինք յաճախ այդ խօսքի հիմքը կրօնական համայնքէ բխած մտածելակերպն է։ Պատմութիւնը բարդ գիտակարգ է․ ան աղբանոցի նման չէ, ուր կատուները կ՚ընտրեն այն ինչ իրենց պէտք է այդ պահին։
Կարեւոր է նաեւ չհաւասարեցնել եկեղեցին եւ անոր ժամանակաւոր պետը։ Նաեւ չհաւասարեցնել Հայ Առաքելական Եկեղեցին ամբողջ հայութեան հետ. մեր ժողովուրդին մէջ կան այլ դաւանանք ընդունող մասնիկներ ինչպէս նաեւ այնքան ալ հաւատք չունեցողներ։
Երբ պետութիւն ունինք, Եկեղեցին պէտք է սահմանափակուի մարդկային արժէքներու վրայ հիմնուած հոգեւոր, մշակութային եւ ընկերային ոլորտներու մէջ, եւ իր ներքին գործերը վարէ այնպիսի ձեւով, որ շարունակէ արժանի ըլլալ ժողովրդի յարգանքին եւ զօրակցութեան։ Այդ պարագային պետութիւնը ո՛չ պատճառ, ո՛չ ալ իրաւունք պիտի ունենայ միջամտելու։ Հակառակ պարագային, այդ հաստատութիւնը չի կրնար դիտուիլ որպէս ժողովուրդի Եկեղեցին։
-Ձեր այս բացատրութեան հիման վրայ, այս յայտարարութիւնները պետութիւն-եկեղեցի տագնապին որեւէ լուծման կը նպաստե՞ն:
Ինչպէս ըսի արդէն, երկու յայտարարութիւններն ալ ես կը նկատեմ էապէս քաղաքական փաստաթուղթեր։ Եւ սա անկախ այնտեղ գտած միասնութեան, ինքնութեան, սրբութեան, Սփիւռք–Հայաստան յարաբերութիւններու եւ այլ թեմաներու մասին հաստատումներէն։ Անոնք քաղաքական են այն իմաստով, որ հեղինակները յստակ դիրքորոշում որդեգրած են եկեղեցի–պետութիւն հակամարտութեան մէջ եւ այդ դիրքորոշումը արդարացնելու համար կը դիմեն մեր պատմութեան իդէալականացուած մեկնաբանութեան։
Ես ինծի հետեւեալ հարցը կու տամ․ ո՞ր խնդիրներն են, որ այս յայտարարութիւնները կը փորձեն լուծել։ Կարեւոր է յստակացնել այն խնդիրները, որոնք տարին փակուղի՝ վարչապետի կողմէ կաթողիկոսի հրաժարականի պահանջին եւ կաթողիկոսի հրաժարելու մերժումին միջեւ։ Ամէն ինչ ի վերջոյ յանգած է այս պարզ հանգոյցին։ Բայց այդ հանգոյցը չի կրնար անտեսուիլ։ Յայտարարութիւնները կը յիշատակեն եկեղեցւոյ մէջ բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը, բայց ոչ մէկը կը յստակացնէ, թէ ո՞րն է խնդիրը կամ խնդիրները, որոնք պէտք է լուծուին բարեփոխումներով։
Դիտել տամ, որ Եկեղեցւոյ բարեփոխման նման կոչեր հազիւ կը լսուէին մինչեւ որ վարչապետը հարցը բարձրացուց կտրուկ ձեւով։ Պայման չէ համաձայն ըլլալ վարչապետի ամէն արտայայտութեան կամ կառավարութեան ամէն քայլի հետ, հասկնալու համար, որ լուրջ խնդիրներ գոյութիւն ունին։ Երկրորդ՝ խնդիր մը չի կրնար լուծուիլ, եթէ ան չի յստակացուիր կամ եթէ չկայ պատրաստակամութիւն զայն սահմանելու, պարզօրէն ընդունելու։ Երկու յայտարարութիւններն ալ խուսափած են այս քայլէն, մինչդեռ ստորագրողները մասնաւոր զրոյցներու ընթացքին կը խոստովանին, որ լուրջ խնդիրներ կան։
Փորձեմ բացայայտել այդ խնդիրները՝ գիտակցելով նման քայլի առաջացուցած ռիսկին․
– Կաթողիկոսի անձը եւ անոր կուսակրօնութեան խնդիրը։ Եթէ կրօնքը, եկեղեցական կանոնները եւ ուխտերը սրբազան են, այս հարցը չի կրնար անտեսուիլ կամ քօղարկուիլ։
– Կաթողիկոսի կողմէ եկեղեցւոյ վարչական կառավարման ձեւն ու ոճը, որ կը բնութագրուի կամայականութեամբ եւ գործադիր հրահանգներով։ Այս ձեւը այն չէ, ինչպէս ժողովուրդին Եկեղեցին պէտք է գործէ։
– Եկեղեցւոյ ֆինանսներու թափանցիկութեան բացակայութիւնը։
– Եկեղեցւոյ խոր ներգրաւուածութիւնը քաղաքականութեան մէջ՝ գործելով գրեթէ որպէս քաղաքական կուսակցութիւն, առանց քաղաքական կուսակցութեան համապատասխան հաշուետուութեան։ Եկեղեցին քաղաքականութեան մէջ ներգրաւուած է երկու իմաստով. ամենէն բարձր կղերականներու քաղաքական գործունէութիւնը եւ իրենց վարած քաղաքականութեան բովանդակութիւնը։
Իմ գիտցածով, կաթողիկոսի ամենախանդավառ աջակիցներ իրեն խորհուրդ տուած են իր վարչաոճը փոխել եւ քաղաքականութենէ հեռու մնալ։ Սակայն այդ ջանքերը մնացած են ապարդիւն։ Բարեփոխումներ դժուար թէ կարելի ըլլայ իրականացնել այնպիսի առաջնորդի մը ներքոյ, որ ինք նաեւ խնդրին կեդրոնն է եւ կը մերժէ որեւէ լուծում։
Երբ խնդիրները այսպէս յստակ ձեւով շարադրուին ինչպէս ներկայացուցի վերը, լուծումներու շրջանակը կը նեղնայ։ Վարչապետը ունի մէկ լուծում, որ ո՛չ կաթողիկոսը եւ ո՛չ ալ անոր նուիրեալ աջակիցները կ՚ընդունին։ Այլ լուծումներ կրնան գոյութիւն ունենալ, բայց ես չեմ կարծեր, որ խնդիրներէն որեւէ մէկը կարելի է լուծել՝ առանց միւսները լուծելու։
-Դուք այս խնդրի լուծման որեւէ առաջարկ ունի՞ք:
Ի մտի ունենալով մինչեւ հոս ըսածներս՝ կը ներկայացնեմ մէկ հնարաւոր լուծում, հինգ կէտերով․
- Կաթողիկոսը կը մնայ կաթողիկոս եւ կը պահէ իր տիտղոսը․
- Եկեղեցական ժողովը կ’ընտրէ աթոռակից-կաթողիկոս (co-adjutor), քայլ մը, որ ունի նախադէպեր եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ․
- Աթոռակից-կաթողիկոսը կը ստանձնէ գործող կաթողիկոսի լիազօրութիւններն ու պարտականութիւնները․
- Եկեղեցւոյ բարեփոխումները կ՛իրականացուին աթոռակից-կաթողիկոսի ղեկավարութեամբ․
- Եկեղեցին ու պետութիւնը կը սկսին երկխօսութիւն՝ ձեւաւորելու համար փաստաթուղթ մը, որ յստակ կը սահմանէ եկեղեցի–պետութիւն բաժանումը եւ իւրաքանչիւր կողմի իրաւունքներն ու պարտականութիւնները։
Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կրնայ ընդունիլ կամ մերժել նման լուծում մը։ Իսկ իր աջակիցները առ նուազն բարոյական պատասխանատուութիւն ունին իրեն համոզելու, որ ան ընդունի այս կամ նման որեւէ այլ փոխզիջումային լուծում։ Կաթողիկոսի կողմէ նման լուծման մերժումի պարագային, անհասկնալի կը դառնայ այդ աջակիցներու կաթողիկոսին շարունակ զօրակցութիւնը։ Այլապէս իր աջակիցները կը մնան միայն խնդրի մաս, եւ ո՛չ խնդրի լուծման մաս եւ կը կրեն ճգնաժամի շարունակութեան, եթէ ոչ խորացման, պատասխանատուութիւնը։
Սակայն եկեղեցի–պետութիւն հակամարտութիւնը ունի աւելի խոր արմատներ, քան եկեղեցւոյ բարեփոխումներու հարցը։ Անոնք կը խօսին եկեղեցւոյ բարեփոխման մասին, բայց երկու յայտարարութիւններն ալ իրականութեան մէջ կը փոխանցեն այն պատգամը, թէ վարչապե՛տն ու կառավարութեան քաղաքականութիւննե՛րն են որ պէտք է փոխուին կամ բարեփոխուին։
Կաթողիկոսի եւ բարձրաստիճան եպիսկոպոսներու քաղաքականութիւնը նպատակ ունի ամէն գնով պահպանել հայերուս աւանդական ինքնընկալումը՝ որպէս նախ եւ առաջ կրօնական ժողովուրդ։ Այդ երկու յայտարարութիւններու իմաստն ալ, ի վերջոյ, նոյնն է։ Իսկ կրօնական համայնք կամ ժողովուրդ մը իր անվտանգութիւնը պիտի փնտռէ քրիստոնեայ փրկիչ պետութենէ մը, ինչ որ անխուսափելիօրէն կը տանի դէպի Ռուսիա։ Իսկ այդ փրկութեան պայմանը ընդունիլն է Հայաստան պետութիւնը որպէս ռուսական հովանաւորութեան տակ գտնուող երկիր։ Այս մտածողութիւնը չի ծառայեր Հայաստանի պետականութեան եւ ինքնիշխանութեան նպատակներուն։
Ազգի, գոնէ պետութեան քաղաքական սահմանումը կը տանի հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, խաղաղութեան հաստատման եւ սպառնալիքներու նուազեցման։ Իսկ ինքներս մեզ հիմնականօրէն կրօնական միաւոր սահմանելը եւ արտաքին ուժի մը ձեռքով տարածաշրջանի մէջ գործիք դառնալը կը ստեղծէ Հանրապետութեան անվտանգութեան համար առնուազն նոյնքան, եթէ ոչ աւելի մեծ սպառնալիք։
-Լաւատես կ’ուզենք ըլլալ, բայց ազգային/եկեղեցական ժողովի կանոնակարգերը որքանո՞վ յարգուած են Գարեգին Բ.ի կողմէ, որ քմահաճօրէն կարգալոյծ հռչակած է 200-է աւելի կրօնականներ, որոնց մէջ մեծ է արժանիներու թիւը, եւ պաշտօն տուած իրեն հարազատներուն ու զինք խնկարկողներուն:
Ձեր այս հարցումին մէջ կարեւոր բառը «քմահաճն» է։ Եկեղեցական կանոնակարգը կաթողիկոսին իրաւունք կու տայ եկեղեցականի մը կարգալոյծ ընելը։ Սակայն այդ կանոնակարգը նաեւ կը պահանջէ նման քայլի մը որդեգրումը որոշ գործընթացներէ յետոյ եւ սահմանափակ հիմնաւորումով, վստահ ըլլալու համար որ եկեղեցականի նկատմամբ այդ ծայրագոյն պատիժը հիմնաւորուած է եկեղեցիի կանոններու դէմ եւ եկեղեցականի իր ուխտը չյարգելու եւ անոնց հակառակ մեղանչած ըլլալու մեղքի վրայ։ Գարեգին Բ կաթողիկոսի պարագային յստակ չէ, որ նախքան այդ կղերականները, այնքան մեծ քանակով, կարգալոյծ ընելը ան յարգած է այդ բոլոր պայմանները։ Այնպէս կը թուի, որ կարգալոյծ եղած եւ կամ պաշտօնէն զրկուած կղերականները ընդհանրապէս անոնք են, որոնք կաթողիկոսի նկատմամբ բացարձակ հաւատարմութիւն եւ ենթակայութիւն չեն դաւանած, ունենալով պատասխանատուութեան զգացում։
-Գարեգին Բ. չբաւականանալով եկեղեցիէն ներս իր մենատիրական գործունէութիւնով, ի՞նչ իրաւունքով մտաւ քաղաքական դաշտ, պահանջելով ժողովուրդի կողմէ ընտրուած վարչապետի հրաժարականը ու «սառեցնելով» Բագրատ եպիսկոպոսի կրօնական հանգամանքը, հրահրեց զայն «սրբազան պայքար»ի ու ցոյցերու վարչապետի դէմ:
Այդ արդէն մեզ կը տանի անմիջական խնդրի էութեան։
Ես չեմ գիտեր թէ Բագրատ եպիսկոպոսի քաղաքական գործունէութեան ծննդեան վկայականը ո՞վ է տուած։ Սակայն յստակ է, որ ե՛ւ կաթողիկոսը ե՛ւ Քոչարեանական ընդդիմութիւնը անմիջապէս զօրակցեցան իրեն, ինչ որ աւելի եւս յստակեցուց այդ եպիսկոպոսի գործունէութեան քաղաքական բնոյթը, բան մը որ յստակօրէն եկեղեցիի հոգեւոր եւ ընկերային առաքելութեան սահմաններէն դուրս է։
Երկու դիտողութիւն այս կապակցութեամբ։
Մեր պատմութեան ընթացքին եկեղեցիի քաղաքական նկրտումները նոր չեն։ Այդ սկսած է չորրորդ դարուն, Հայաստանի քրիստոնէութիւնը ընդունելէն անմիջապէս յետոյ։ Յիշենք Արշակ Բ. եւ Պապ թագաւորներու դէմ եկեղեցիի պայքարը, երբ կաթողիկոսներ միացան որոշ իշխաններու, նպատակ ունենալով տկար պահել թագաւորի իշխանութիւնը։ Հայաստանի պետականութեան անկումով, եկեղեցին յաղթեց։ Այսինքն, եկեղեցին մաս կազմեց կեդրոնացած, ուժեղ պետութեան դէմ գործող որոշ իշխաններու քաղաքականութեան։
-Իսկ այսօ՞ր:
Այսօր կացութիւնը տարբեր չէ։ Գարեգին Բ. սկիզբէն միացաւ Փաշինեանի դէմ Քոչարեանական քաղաքական ընդդիմութեան, սկիզբ տալով եկեղեցի-պետութիւն հակադրութեան։ Սա աւելի հասկնալի կը դառնայ երբ իշխաններու փոխարէն գործածենք «օլիկարգ» կամ «կուսակցութիւն» բառերը։
Թէ ինչո՞ւ կաթողիկոսը այդ քայլը առաւ՝ կարելի է ենթադրել։ Գիտենք, որ ներքին եւ արտաքին հարցերու նկատմամբ ան ունէր նոյն մօտեցումը ինչ որ այդ ընդդիմութեանն էր։ Այսինքն, ներքին դաշտի մէջ վերէն վար իշխանութիւն, անկախ ժողովուրդի քուէէն, նոյնիսկ այդ քուէին հակառակ, թերեւս նաեւ օլիկարգներու հետ շահերու համընկնում, եւ ի վերջոյ Քոչարեանական ընդդիմութեան վերադարձ իշխանութեան գլուխ։ Իսկ արտաքին քաղաքականութեան ասպարէզի մէջ վարել քաղաքականութիւն որու արդիւնքը պիտի ըլլայ նորէն վերածուիլ Ռուսական արբանեակի։ Ամենայն դէպս այդ երկու նկատառումները իրար հետ կապուած են։
Չմոռնանք, որ Քոչարեանական ընդդիմութեան հիմնական նպատակը այս կամ այն ձեւով իշխանութեան գլուխ գալն էր եւ տակաւին է, նաեւ ապահովելու համար իրենց դասային շահերը։ Թէ այդ ինչ կը նշանակէ պետականութեան եւ պետութեան անկախութեան համար, նոյնիսկ երկրորդական չէ իրենց համար։ Այդ ընդդիմութիւնը կրնայ անկեղծօրէն հաւատալ, որ Հայաստանի համար իրենց քաղաքականութիւնն է աւելի ճիշդը։ Այստեղ եւս անհրաժեշտ չէ ընդդիմութեան ղեկավարներու ազնուութիւնը կասկածի տակ դնել, հաստատելու համար, որ այդ քաղաքականութեան հետեւանքը ինչ է։
-Իսկ Հայաստանի ապահովութեան խնդի՞րը:
Գիտեմ, որ այդ մարդիկ Հայաստանի անվտանգութեան մասին կը խօսին, իմ այս մօտեցման հակաճառելու համար, այսինքն՝ կը մտածեն ամէն գնով Ռուսիոյ պաշտպանութիւնը ապահովելու անհրաժեշտութեան մասին։ Սակայն վերջին մի քանի տարիներուն ե՛ւ Ղարաբաղի ե՛ւ Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութեան հարցով, տեսանք Մոսկուայի ստորագրութիւններու արժէքը։
Հայաստանի անվտանգութեան հիմքը պէտք է ըլլայ դրացի պետութիւններու հետ աշխատիլը, այնտեղէն եկող վտանգները ճիշդ հասկնալը, ոչ թէ չքննարկուած ու րէֆլեքսային, եւ այդ վտանգները առ նուազն նուազեցնելը։ Այլապէս անկախութեան եւ ժողովրդավարութեան մասին խօսիլը անազնուութիւն է, եթէ ոչ ինքնախաբէութիւն։ Կրնանք բարեկամ ու զօրակցող պետութիւններ ունենալ որեւէ ուղղութեամբ։ Սակայն մենք փրկիչ չունինք։ Ո՛չ Արեւմուտքի ո՛չ ալ Արեւելքի պետութիւններ, քրիստոնեայ թէ այլ, անհրաժեշտութեան պարագային իրենց զինուորը պիտի չուղարկեն մեզ օգնելու։ Սա տեսանք բոլորս։ Կա՛մ կը հասկնանք մեր վիճակի էութիւնը, կա՛մ կը կրկնենք պատմութեան մէջ գործած մեր սխալները, այնպէս ինչպէս ընդհանրապէս ըրած ենք ե՛ւ մեր պատմութեան մէջ ե՛ւ ըրինք այս վերջին տարիներուն։
-Խնդրահարոյց գահակալի մը հեռացումը, ոչ սպառնալիք է աշխարհի բոլոր հայերուն համար եւ ոչ ալ կը վտանգէ անոնց հոգեւոր սնուցումը, ինչպէս կ’ըսուի երեւելիներու յայտարարութեան մէջ: Ընդհակառակը՝ բարերար ազզդեցութիւն կ’ունենայ:
Կը կարծեմ, որ հիմնականի մէջ ճիշդ էք։ Եկեղեցիի այնքան խնդրահարոյց ղեկավար, որքան ալ պաշտպանենք իրեն իբրեւ թէ եկեղեցին կը պաշտպանենք՝ կը հիւծէ անհատ հայու նուիրումը եկեղեցիին, երբ այդ անհատ հայը կը գիտակցի խնդրի էութեան: Քիչ թէ շատ լուրերուն հետեւող հայը գիտէ այն բոլորը, որ արդէն բացայայտուած է։ Այդ տեսակ մօտեցում չուժեղացներ եկեղեցին. ընդհակառակը՝ ժամանակի ընթացքին կը տկարացնէ անհատ հայու հաւատքը, բայց մանաւանդ կը հիւծէ զորակցութիւնը եկեղեցիի նկատմամբ եւ կապը եկեղեցիի հետ, որքան ալ այդ հայը իր երեխան եկեղեցիի մէջ կնքէ կամ եկեղեցիի առջեւէն անցնելու ընթացքին խաչակնքէ։
-Զայրացուցիչ կը գտնենք կոչի հեղինակներուն այն յայտարարութիւնը, որ «Հայաստանի կառավարութիւնը վտանգում է կտրել իր յարաբերութիւնները սփիւռքի հետ. մի բան, որ չկարողացան անել նոյնիսկ Օսմանեան կայսրութիւնը կամ Խորհրդային Միութիւնը»:
Յայտարարութեան մէջ տեղ գտած այդ միտքը, այո, զայրացուցիչ է։ Նախ, որովհետեւ պատմականօրէն սխալ է։ Այն ժամանակ ոչ Հայաստան կար որպէս պետութիւն, ոչ ալ Սփիւռք հասկացողութիւն, ինչպէս այդ կայ այսօր։ Օսմանեան շրջանին Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան մասին խօսիլը անգիտութիւն է, առ նուազն։ Օսմանեան կայսրութիւնը Սփիւռքով որպէս այդ չէր հետաքրքրուած։ 1890ականներուն Օսմանեան պետութիւնը մտահոգ էր արտասահման ապրող հայերու իր դէմ ձեռնարկած գործողութիւններով։ Մանաւանդ Հնչակեան կուսակցութեան գործունէութեամբ, երբ այդ կուսակցութիւնը տիրապետող էր։
Գիտեմ երկու պարագայ, երբ Օսմանեան պետութիւնը այդ կապակցութեամբ միջամտեց։ Առաջին միջամտութիւնը գործի դրաւ, 1894-1896 ջարդերէն անմիջապէս յետոյ, երբ շատ մը արեւմտահայեր գաղթեցին Միացեալ Նահանգներ եւ Հնչակեան կուսակցութեան զօրակցեցան, ընդդէմ Օսմանեան կայսրութեան քաղաքականութեան։ Որովհետեւ այդ աշխատաւորներն ու գիւղացիները արեւմտահայաստանէն էին, իրենց եկեղեցական կառոյցը կապուած էր Պոլսոյ Պատրիարքարանին։ Օսմանեան կառավարութիւնը ճնշում բանեցուց Պոլսոյ Պատրիարքին վրայ, պահանջելով, որ Պատրիարքը իր հեղինակութիւնը օգտագործէ այդ խմբաւորումներու վրայ, որպեսզի անոնք դադարեցնեն իրենց հակա-Օսմանեան գործունէութիւնը։ Պատրիարքը նամակ գրեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, խնդրելով որ Ամերիկայի առաջնորդը ենթարկուի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան, որպէսզի Պատրիարքը ձերբազատուի պետութեան ճնշումներէն։ Եւ այդպէս ալ եղաւ։
Երկրորդ դէպքը հետեւեալն էր. Օսմանեան պետութիւնը Եւրոպայի պետութիւններու եւ որոշ քաղաքական ազդեցիկ ուժերու հետ իր դիւանագիտական եւ քաղաքական կապերը օգտագործեց հակազդելու համար 1894-1896ի ջարդերէն յետոյ Եւրոպայի մէջ զարգացող բրոհայկական տրամադրութիւններուն։
Ինչ կը վերաբերի Խորհրդային Միութեան քաղաքականութեան՝ յայտարարել, որ այդ պետութիւնը չուզեց կամ չկարողացաւ բաժանում ստեղծել Սփիւռքի եւ Սովետական Հայաստանի միջեւ՝ աւելին է քան պատմութենէն անտեղեակութիւն։ Պարզապէս աններելի է եւ ամօթալի։ Սովետական Միութիւնն ու Դաշնակցութիւնը ամէն կարելի միջոց օգտագործեցին Սփիւռքը այնքան բաժնելու, որոնց հետեւանքները տակաւին մեր հետ են։
Իսկ վարչապետի քաղաքականութիւնը համեմատել Ռուսական, Սովետական կամ Օսմանեան քաղաքականութեան հետ արդէն նորմալ խօսոյթի սահմաններէն անդին կ՚անցնի։ Նման նախադասութիւն առանձինն փաստ է, որ փաստաթուղթը քաղաքական բնոյթ ունի, քաղաքական բնոյթ, որը անպատասխանատու կերպով պատմական համեմատութիւն կ՚օգտագործէ։ Չեմ ուզեր աւելի բան ըսել։ Չեմ գիտեր ո՞ր ատելութեամբ լեցուած գործիչն է յայտարարութեան մէջ խցկած այդ նախադասութիւնը. սակայն որ գիտակից մարդիկ, որոնք յստակօրէն ժամանակ դրած են իր վերջնական ձեւին բերելու այդ փաստաթուղթը եւ յետոյ ստորագրած այդ՝ տխուր, տխուր երեւոյթ է։
-Զայրացուցիչ ու շատ վտանգաւոր կը գտնենք նաեւ անոնց կոչը՝ որ սփիւռքահայերը, իրենց պատկանած երկիրներու կառավարութիւնները միջամուխ դարձնեն Հայաստանի ներքին գործերուն, «անհրաժեշտութեան դէպքում իրաւական գործողութիւններեու դիմելով»:
Մի քանի օր առաջ, ծանօթ մը հեռաձայնեց։ Մեր խօսակցութեան ընթացքին ան ըսաւ, որ այդ նախադասութիւնը կը համապասխանէ դաւաճանութեան։ Վստահ չեմ, իմ խօսակիցը ճիշդ էր թէ ոչ։ Սակայն այս մէկը եւ այդ յայտարարութեան մէջ նման այլ նախադասութիւններ կասկածի տակ կը դնեն այդ անհատներու հաստատումը, որ իրենք զօրակից են Հայաստանի անկախութեան եւ երկխօսութեան։ Նման խօսք կրնայ միայն վերահաստատել որ մեր քաղաքական փրկութիւնը կը փնտռենք այլ պետութիւններու մէջ։ Նման խօսք հրաւէր է Սփիւռքի համայնքները, իրենց կառոյցները եւ այդ կառոյցներու կարողականութիւնն ու ուժերը օգտագործել Հայաստանի դէմ։ Եւ որովհետեւ Սփիւռքի մէջ այնքան մարդիկ կան, որոնք համաձայն չեն այդ յայտարարութեան եւ մանաւանդ այդ խօսքին՝ այդ յայտարարութիւնը ի վերջոյ կը ծառայէ Սփիւռքի մէջ արդէն գոյութիւն ունեցող ճեղքերու խորացման, որքան ալ այդ յայտարարութեան հեղինակները մեզ հաւաստիացնեն, որ իրենց նպատակը միութիւն է։ Գիտէք, նման բոլոր յայտարարութիւնները, այս մէկը թէ տարբեր առիթներով անցեալին եղածները, միշտ կը խօսին միութեան մասին։ Խնդիրը միութեան արժէքը չէ։ Միութեան կարեւորութիւնը կասկածէ դուրս է։ Խնդիրը հետեւեալն է. ի՞նչ քաղաքականութեան, արժէքային համակարգի, գաղափարի կամ գաղափարախօսութեան շուրջ է ըլլալու այդ միութիւնը։ Անգամ մը որ այդ հարցումը հարցնենք՝ կը տեսնենք նման կոչերու անիմաստութիւնը եւ նոյնիսկ ժխտական ազդեցութիւնը։ Իւրաքանչիւր կոչ ընողը իրականութեան մէջ ենթադրած է, որ այդ միութիւնը պիտի ըլլայ ի՛ր հաւատացած գաղափարներու, ի՛ր որդեգրած մօտեցումներու եւ քաղաքանութեան շուրջ։ Ինծի համար աւելի բաժանող մօտեցում դժուար է պատկերացնել։
-Բոլորս գիտենք, որ սփիւռքի մէջ եկեղեցին պառակտուած է քաղաքական ու տնտեսական պատճառներով եւ ո՛չ Հայատանի կառավարութիւնը եւ ո՛չ ալ Մայր Աթոռը դեր ունեցած են ատոր մէջ:
Անշուշտ գիտենք, սակայն մեր այսօրուայ քաղաքական դիրքորոշումները, չըսելու համար նախապաշարումները պահելու եւ արդարացնելու համար պատրաստ ենք շատ փաստեր անտեսելու կամ «մոռնալու»։ Ասոր կ՚ըսեն քննական մօտեցումի բացակայութիւն։ Ինչ որ կը տանի սխալ եզրակացութիւններու եւ քաղաքականութիւններու, որոնց հետեւանքները տեսանք անցեալ մի քանի տարիներուն ու տակաւին կրնանք տեսնել։ Կը յուսամ ապագային չենք տեսներ։
-Շնորհակալութիւն, Դոկտ. Լիպարիտեան, այս շահեկան հարցազրոյցին համար: Յուսանք եւ սպասենք, որ խնդրի արդար լուծման համար ազգաշահ մօտեցումները կը գերադասուին անհատական թէ հատուածային տրամադրութիւններէն:

