Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յայտնի է՝ Որ Ուժը Քանի Մանտաթ Պիտի Ստանայ Վաղարշապատի Աւագանիի Կազմին Մէջ

Յայտնի է՝ Որ Ուժը Քանի Մանտաթ Պիտի Ստանայ Վաղարշապատի Աւագանիի Կազմին Մէջ

by MassisPost

ՀՀ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովէն կը յայտնեն, որ ամփոփուած են Վաղարշապատի աւագանիի ընտրութիւններուն վերջնական արդիւնքները։

Մանտաթները կը բաշխուին հետեւեալ կերպ․

«Քաղաքացիական Պայմանագիր» – 19 մանտաթ

«Յաղթանակ» – 12 մանտաթ

«Մայր Հայաստան» – 2 մանտաթ:

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը, յիշեցնենք, աւելի վաղ ամփոփած էր Արմաւիրի մարզի Վաղարշապատ համայնքի աւագանիի ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները բոլոր 47 տեղամասերէն:

«Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է 15 հազար 298 քուէ:

Նոյեմբեր 16-ին Վաղարշապատի Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ՔՊ կուսակցութեան ցուցակը գլխաւորած է Արգիշտի Մեխակեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment