Պետական սահմանի պահպանութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններէն է։
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ յատկացուած միջոցներով կը կառուցուին ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան սահմանապահ ուղեկալներ։
Հայաստանի Հանրապետության Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու N ջոկատին մէջ տեղի ունեցած է «Կոռնիձոր», «Խնձորեսկ» եւ «Հարթաշէն» սահմանապահ ուղեկալներու բացման արարողութիւնը:
Միջոցառման ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան տնօրէն Անդրանիկ Սիմոնեանը, տնօրէնի տեղակալներ Արամ Յակոբեանը եւ Դաւիթ Սանամեանը, Սահմանապահ զօրքերու հրամանատար, գնդապետ Գարիկ Մուրատեանը եւ այլ պաշտօնատար անձեր:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան տնօրէն Անդրանիկ Սիմոնեան ողջունած է Սահմանապահ զօրքերու զինուորները եւ շնորհաւորած է զանոնք նոր ուղեկալներու բացման առիթով՝ մաղթելով անփորձանք ծառայություն՝ ի շահ Հայաստանի Հանրապետութեան։
Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան տնօրէնը շրջայց կատարած է նորակառոյց երեք ուղեկալներուն մէջ, ծանօթացած է զինուորներու կենցաղային եւ ծառայողական պայմաններուն, սպառազինութեան եւ նիւթատեխնիկական միջոցներուն։
Այցի ընթացքին Անդրանիկ Սիմոնեան ծանօթացած է նաեւ նորակառոյց ուղեկալներու սպայական կացարաններու կենցաղային պայմաններուն, որոնք ամբողջութեամբ կը համապատասխանեն ժամանակակից չափորոշիչներուն, յագեցած են ուղեկալներու մէջ սպաներու ընտանիքներու բնակութեան համար անհրաժեշտ գոյքով եւ տեխնիկայով։
Այցի աւարտին Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան տնօրէնը համապատասխան յանձնարարականներ տուած է Սահմանապահ զօրքերու հրամանատարութեան։


