Հայաստնեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սպասաւորներուն ու պետութեան միջեւ ժամանակէ մը ի վեր շարունակուող հակասութիւնները կը ստանան նոր դրսեւորումներ, որոնք կու գան խաթարելու Հայաստանի ներքաղաքական ընդհանուր մթնոլորտը, որուն հետեւանքները ծանր պիտի ազդեն մեր ազգային ու հոգեւոր արժէքներու նկատմամբ ժողովուրդի ունեցած ակնկալիքներուն ու պատկերացումներուն վրայ: Կղերականներու իրենց անձնական կեանքէն ներս ունեցած` ոչ եկեղեցավայել սայթաքումներու մասին նեղ շրջանակներու մէջ փսփսուքները այժմ դարձած են լայն հասարակութեան սեփականութիւնը, ո’չ միայն ընկերային ցանցերու միջոցաւ, այլ նոյնիսկ մամուլի ու լրատուամիջոցներու կողմէ:
Այս տհաճ իրականութեան առջեւ կը գտնուինք« որպէս հետեւանք այն յայտարարութիւններուն, որոնք սկսան հնչել Մայր Աթոռի գահակալին կողմէ: Պատերազմէն անմիջապէս ետք, Գարեգին Բ. միանալով ընդդիմադիրներուն« պահանջեց վարչապետի հրաժարականը: Անկէ ասդին, կողմերուն միջեւ յարաբերութիւնները սկսան գահավիժիլ` հասնելու համար այս օրերու տխուր վիճակին:
Վերջ տալու համար իր պաշտօնավարման շուրջ ծագած ոմանց դժգոհութիւններուն, վարչապետ Փաշինեան 2021-ի գարնան ներկայացուց իր հրաժարականը ու նշանակուեցան արտահերթ ընտրութիւններ: Հակառակ պատերազմի ընթացքին երկրի կրած ծանր պարտութեան` ժողովուրդը վերընտրեց իշխող ուժին ու Փաշինեան մնաց պաշտօնի վրայ: Հակառակ այս իրողութեան, Գարեգին Բ. շարունակեց պնդել, որ իրենց կարծիքը կը մնայ անփոփոխ: Չբաւարարուելով այդքանով, բարձրաստիճան եկեղեցականներ սկսան ակտիւ մասնակցութիւն ունենալ ընդդիմադրութեան փողոցային պայքարի յաջորդական շարժումներուն մէջ: Երբ քաղաքական ընդդիմադրութիւնը չկարողացաւ հասնիլ իր նպատակներուն, եկեղեցականներ անցան գործի ու հրապարակ եկաւ Բագրատ սրբազանի առաջնորդած` «սրբազան պայքար» կոչուած շարժումը, որ հետագային մեղադրուեցաւ ահաբեկչական գործողութիւններ նախապատրաստելու մէջ: Գարեգին Բ. կրնար օրին կասեցնել այդ շարժումը, սակայն չըրաւ այդ ու Բագրատ սրբազանը յայտնուեցաւ կալանքի տակ: Այսօր« Հայ եկեղեցւոյ երեք բարձրաստիճան հոգեւորականներ կը գտնուին բանտերու մէջ« այն պատճառով, որ եկեղեցին դրուս գալով իր գլխաւոր առաքելութենէն` մխրճուեցաւ քաղաքականութեան ճահիճին մէջ:
Այս ընթացքին պահ մը առիթ ներկայացաւ, որպէսզի փակուի եկեղեցւոյ ու պետութեան միջեւ տարակարծութիւններու էջը: Մայր Աթոռի հրաւէրով անցեալ տարուն Սեպտեմբերին Հայաստանի ղեկավարութիւնը ներկայ գտնուեցաւ վերանորոգուած Մայր Տաճարի վերա-օծման պաշտօնական արարողութեան: Յոյս կար, որ այդ օրէն սկսեալ հանդարտութիւնը կը տիրէ, սակայն տեղի չունեցաւ այդ: Մայր Աթոռէն հնչեցին նոր մեղադրանքներ, որոնց վարչապետը պատասխանեց բաւական կոշտ ձեւով ու առաջին անգամ ըլլալով պահանջեց Գարեգին Բ.-ի հրաժարականը` կուսակրօնութեան ուխտը դրժելու մեղադրանքով:
Ներկայիս Հայ հասարակութիւնը բաժնուած է երկու խումբի, ոմանք համաձայն են վարչապետին հետ, իսկ ուրիշներ տեղի ունեցողը կը նկատեն հոգեւոր արժէքները ոտնակոխ ընելու արշաւի մը սկիզբ:
Ժամանակին, երբ դէպքերը նոր սկսած էին զարգանալ, շատեր, որոնց շարքին Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, զգուշացուցին, որ քաղաքական հարցերուն մէջ Մայր Աթոռի միջամուխ ըլլալը յղի է ծանր ու անկանխատեսելի հետեւանքներով: Օրերը եկան ցոյց տալու, որ այդ մտահոգութիւնները տեղին էին ու արդարացուած:
Այս կացութենէն դուրս գալու համար կայ երկու ճանապրահ: Առաջինը, որ Գարեգին Բ. այս կամ այն ձեւով հեռանայ իր աթոռէն, իսկ երկրորդը` Փաշինեանի կուսակցութիւնը պարտութիւն կրէ յաջորդ ընտրութիւններուն, ինչ որ քիչ հաւանական է: Մինչ այդ Հայ եկեղեցին պիտի շարունակէ մնալ իսկական տագնապի մէջ:
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

