Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ենթակառուցուածքներու Ապաշրջափակումը, «Խաղաղութեան Խաչմերուկը» Եւ TRIPP-ը Ներդաշնակ Են Եւրոմիութեան «Համաշխարհային Դարպասներ» Ռազմավարութեան. Փոխվարչապետ

Ենթակառուցուածքներու Ապաշրջափակումը, «Խաղաղութեան Խաչմերուկը» Եւ TRIPP-ը Ներդաշնակ Են Եւրոմիութեան «Համաշխարհային Դարպասներ» Ռազմավարութեան. Փոխվարչապետ

by MassisPost

Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի մէջ կայացած բարձր մակարդակի հանդիպումներու ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, ներառեալ՝ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումն ու եռակողմ հռչակագիրը, մեզի նոր հնարաւորութիւն կու տան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութեան եւ TRIPP նախագիծի յառաջմղման համար: Եւրոմիութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Կոսի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ այդ մասին ըսաւ ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան:

«Այս նախաձեռնութիւնները միմեանց փոխլրացնում են, եւ, մեր կարծիքով՝ ներդաշնակ են ԵՄ «Համաշխարհային Դարպասներ» ռազամավարութեան հետ: Այդ առումով այսօր երկուստէք կարեւորեցինք ԵՄ աջակցութիւնը՝ միտուած տարածաշրջանի կայուն զարգացմանը: Արձանագրեցինք նաեւ, որ երկկողմ յարաբերութիւնների առանցքային բաղադրիչներից է վիզաների ազատականացման գործընթացը: Գոհունակութեամբ ընդգծեցինք այս ուղղութեամբ մինչ օրս գրանցուած առաջընթացը: Վստահ եմ, որ մեր համատեղ ջանքերով կ’ունենանք շօշափելի ձեռքբերումներ»,- ըսաւ ան:

Մհեր Գրիգորեան նաեւ ընդգծեց, որ այսօր ՀՀ-ի եւ ԵՄ-ի միջեւ մեկնարկած է բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւն:

«Սա նոր հարթակ է, որտեղ համատեղ քննարկելու ենք դեռեւս 2024 թուականի Ապրիլին ԵՄ-ի կողմից հաստատուած Դիմակայունութեան եւ աճի ծրագրի շրջանակում բազմոլորտ պիւտճէական աջակցութեան իրականացման ընթացքը»,- ըսաւ ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment