Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութիւնը կը նշէ իր գործունէութեան 2-ամեակը, ինչպէս նաեւ առաքելութեան երկարաձգումը եւս երկու տարիով:
Առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթեր ըսաւ, որ այս երկու տարուայ ընթացքին աւելի քան 4500 պարեկութիւն իրականացուած է, եւ որ նաեւ այդ բարեկամութեան շնորհիւ Հայաստանի սահմաններուն աւելի քիչ թիւով միջադէպեր արձանագրուած են, քան երկու տարի առաջ: Անոր խօսքով՝ սահմանին այժմ եւս իրավիճակը հանգիստ է, բայց կը նկատեն, որ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի մէջ ամրաշինական աշխատանքներ տեղի կ’ունենան:
«Ես չեմ կրնար ըսել, թէ կողմերը ինչի կը պատրաստուին, բայց երկու կողմն ալ ամրաշինական աշխատանքներ կ’ընէ իր դիրքերուն վրայ, իսկ նպատակի մասին հարցերը կրնաք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւններուն տալ»,- շեշտեց ան:
ԵՄ 100 դիտորդներ Հայաստան ժամանած էին երկու տարի առաջ՝ 2023-ի Փետրուար 20-ին։ Եւրոմիութեան երկիրներու դեսպանները Յունուար 29-ին Պրիւքսէլի մէջ հաւանութիւն տուին Հայաստանի մէջ ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան մասին որոշման, որով եւրոպացի դիտորդները պիտի մնան Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ եւս երկու տարի ՝ մինչեւ 2027 թուականի Փետրուար 19։
Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանէն հնչող մեղադրանքներուն, թէ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը «լրտեսական» գործունէութիւն կ’իրականացնէ, եւ այդ գործունէութիւնը «չի նպաստեր» խաղաղութեան հաստատման, Մարքոը Ռիթեր ընդգծեց՝ իրենց գործունէութիւնը թափանցիկ է, լրտեսութիւն չեն իրականացներ:
«Ի հարկէ, Պրիւքսէլի մէջ ալ գիտեն, որ Ատրպէյճանը այնքան ալ երջանիկ չէ մեր ներկայութենէն: Ես կրնամ միայն ըսել, որ մենք կը հետեւինք սահմանի իրավիճակին: Մենք չենք լրտեսեր, կը դիտարկենք, թէ ինչ կ’ընեն երկու կողմերը, պատկեր կը ստանանք անկէ ու Պրիւքսէլին կը զեկուզենք, ո՛չ կը լրտեսենք, ո՛չ ալ ոեւէ մէկուն կը վնասենք»,- յայտնեց ան:

