Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Նաթալի Լուազօն անդրադարձած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի՝ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի հասցէին կատարուած վիրաւորական արտայայտություններուն եւ ընդգծած. «Հայ ժողովուրդին հանդէպ ատելութիւնը միանշանակ շատ բռնապետերի ընդհանուր գիծն է։ Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանին երբեք պիտի չտկարանայ»:
Յիշեցնենք. Լուքաշենքօն իր աղմկայարոյց հարցազրոյցին մէջ յայտարարած էր. «Հայերը որո՞ւն պէտք են՝ բացի մեզմէ: Ոչ մէկուն պէտք են։ Թող զարգացնեն իրենց տնտեսութիւնը եւ կեդրոնանան այն բանին վրայ, ինչ ունին: Ի՞նչ Ֆրանսա, ի՞նչ Մաքրոն։ Վաղը Մաքրոնը չ’ըլլար, եւ բոլորը կը մոռնան այդ Հայաստանի մասին»։

