Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գուրգէն Արսէնեանը Նշանակուած Է Ռուսաստանի Մէջ ՀՀ Դեսպան

Գուրգէն Արսէնեանը Նշանակուած Է Ռուսաստանի Մէջ ՀՀ Դեսպան

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով՝ Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր Գուրգէն Արսէնեանը նշանակած է Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան: Ան այս պաշտօնին պիտի փոխարինէ Վաղարշակ Յարութիւնեանին:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտի եւ «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» օրէնքի 13-րդ յօդուածի 3-րդ մասի եւ 14-րդ յօդուածի՝ Գուրգէն Արսէնեանին նշանակել Ռուսաստանի Դաշնութիւնում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը՝ Մոսկուա)»,- ըսուած է հրամանագրին մէջ: Նախապէս ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեանը արձանագրութիւն ստորագրած է՝ Գուրգէն Արսէնեանի՝ պատգամաւորի լիազօրութիւնները դադրեցնելու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment