Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հնդկաստանի Հետ Մեր Քաղաքական Երկխօսութիւնը Դուրս Կու գայ Աւանդական Օրակարգի Շրջանակներէն․ Միրզոյեան

Հնդկաստանի Հետ Մեր Քաղաքական Երկխօսութիւնը Դուրս Կու գայ Աւանդական Օրակարգի Շրջանակներէն․ Միրզոյեան

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան շնորհաւորած է Հնդկաստանի արտաքին գործերու նախարար Սուպրամանիամ Ճայշանքարը եւ ժողովուրդը Հնդկաստանի անկախութեան 78-րդ տարեդարձին առթիւ։

ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը այդ մասին գրած է X-ի իր էջով։

«Անկեղծօրէն շնորհաւորում եմ իմ գործընկեր, լաւ բարեկամ Սուպրամանիամ Ճայշանքարին եւ Հնդկաստանի ժողովրդին՝ անկախութեան 78-րդ տարեդարձի առթիւ։ Մեզ միաւորում են քաղաքակրթական կապերը, մինչդեռ ներկայում մեր քաղաքական երկխօսութիւնը դուրս է գալիս աւանդական օրակարգի շրջանակներից»,- գրած է Միրզոյեան։

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարի գրառման արձագանգած է Հնդկաստանի արտաքին գործերու նախարար Սուպրամանիամ Ճայշանքաը՝ X-ի մէջ  գրելով. «Շնորհակալ եմ ջերմ մաղթանքներուն համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment