Գործադիրը հաւանութիւն տուած է 2024 թուականի Յուլիս 26-ին ստորագրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրասիական զարգացման դրամատան միջեւ Կայունացման եւ զարգացման եւրասիական հիմնադրամի միջոցներէն «Քաջարանի փապուղիի շինարարութիւն» ծրագրի ֆինանսաւորման համար ներդրումային վարկի տրամադրման մասին» համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութեան:
ՀՀ կառավարութեան Օգոստոսի 15-ի նիստին յայտարարուեցաւ, որ համաձայնագրին համաձայն Կայունացման եւ զարգացման եւրասիական հիմնադրամի միջոցներէն Հայաստանի Հանրապետութեան պիտի տրամադրուի 200.000.000 (երկու հարիւր միլիոն) ԱՄՆ տոլարի չափով ներդրումային վարկ «Քաջարանի փապուղիի շինարարութիւն» ծրագրի ֆինանսաւորման համար։ Ծրագրին նպատակն է «Հիւսիս-հարաւ» ճանապարհային միջանցքի հատուածին մէջ տարանցիկ փոխադրումներու ներուժի բարձրացումն ու վթարայնութեան նուազեցումը։
Նախագիծով կը նախատեսուի իրականացնել Քաջարանի փապուղիին (երկարութիւնը՝ շուրջ 7 քմ) կառուցման եւ գոյութիւն ունեցող Մ2 Երեւան-Երասխ-Գորիս-Մեղրի-Իրանի սահման շուրջ 4 քմ (Քաջարանի փապուղիի մուտք – Սիսիան-Քաջարան նախատեսուող նոր ճանապարհահատուածի խաչմերուկ) երկարութեամբ հատուածի վերակառուցման աշխատանքները:

