Մամուլին մէջ տեղեկութիւններ կը շրջանառուին, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը շուրջ 500 միլիոն տոլարի սպառազինութեան մատակարարման մասին մեծ գործարք կնքած են:
«Հայկական Ժամանակ»-ի՝ Պաշտպանութեան նախարարութեան մօտ կանգնած աղբիւրէն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն, սակայն, այս լուրը կեղծ է եւ չի համապատասխաներ իրականութեան:
Նշենք՝ լրատուամիջոցները յղում կատարած են իրանեան մամուլին եւ նշած, թէ գործարքը, իբր, կը ներառէ քանի մը տեսակի անօդաչու թռչող սարքեր եւ զենիթահրթիռային համակարգեր:

