Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պիտի Օգտագործուի Այլ Գործիքակազմ, Որով Պիտի Ստիպենք Ետ Երթալ. Գեղարքունիքի Մարզպետը՝ Ատրպէյճանական ԶՈՒ-ի Չհեռանալու Պարագային

Պիտի Օգտագործուի Այլ Գործիքակազմ, Որով Պիտի Ստիպենք Ետ Երթալ. Գեղարքունիքի Մարզպետը՝ Ատրպէյճանական ԶՈՒ-ի Չհեռանալու Պարագային

by MassisPost

Ատրպէյճանական ուժերը պէտք է ետ երթան Գեղարքունիքի մարզի տարածքներէն, որոնք այսօր կը գտնուին անոնց զօրքերու հսկողութեան տակ, խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ մարզպետ Կարէն Սարգսեանը։

Հարցումին՝ եթէ սահմանազատումէն յետոյ ետ չերթա՞ն, մարզպետը այսպէս պատասխանեց. «Կ’օգտագործուի այլ գործիքակազմ, որով իրենց կը ստիպենք, որ իրենք ետ գնան»։

Մարզպետը յստակացուց, որ տարբեր գործօններ կան, որոնք կարելի է օգտագործել, իսկ ուժը ամենավերջին գործիքն է։

Կարէն Սարգսեան նշեց, որ 2022 թուականի սեպտեմբերեան դէպքերուն ժամանակ ատրպէյճանական զինուժի՝ սահմանին յարող 12 բնակավայրերու վրայ յարձակման հետեւանքով շարք մը հատուածներու մէջ անոնք դեռ կը գտնուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ։

* Հայ-ատրպէյճանական սահմանը մօտ 1000 քիլոմեթր է։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առաջին սիւնը տեղադրուեցաւ Ապրիլ 23-ին։

* Երբ Երեւանն ու Պաքուն կ’անցնին միւս հատուածներուն սահմանազատմանը եւ որ թուականի քարտէզներով՝ առայժմ յայտնի չէ։

* Այս պահի դրութեամբ կայ 12,6 քմ սահմանազատուած տարածք եւ 43 սիւն։ Շուրջ մէկ ամսուան մէջ Երեւանն ու Պաքուն աւարտած են Տաւուշ-Ղազախ հատուածիին մէջ սահմանազատման գործընթացը, որ Հայաստանի մէջ ուղեկցուեցաւ բողոքի հաւաքներով, իրաւապահներու եւ քաղաքացիներու բախումներով։

* Հատուածական սահմանազատման մեկնարկը տրուեցաւ Ապրիլ 19-ին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment