Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ-ն Կ’աջակցի Հայաստանի Ինքնիշխանութեան, Դիմակայունութեան Ու Ժողովրդավարութեան․ Վասիլիս Մարակոս

ԵՄ-ն Կ’աջակցի Հայաստանի Ինքնիշխանութեան, Դիմակայունութեան Ու Ժողովրդավարութեան․ Վասիլիս Մարակոս

by MassisPost

Եւրոպական Միութիւնը կ’աջակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեան, դիմակայունութեան ու ժողովրդավարութեան։

Երեւանին մէջ «Բաց կառավարման Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու» համայնքային հանդիպման բացման ընթացքին այս մասին ըսաւ Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վասիլիս Մարակոսը՝ ընդգծելով ինչպէս ԵՄ-ի, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան յանձնառութիւնը՝ կապուած ժողովրդավարական բաց կառավարութեան սկզբունքներուն հետ։

Ան կարեւորեց բաց կառավարման եւ հաշուետուողականութեան սկզբունքները՝ հաստատուն ըլլլալու եւ քաղաքացիներուն աջակցելու տեսանկիւնէն։

Բացի անկէ՝ Մարակոս էական համարեց քաղաքացիները բոլոր գործողութիւններուն եւ ծրագրերուն առանցքին ունենալը։

«Մենք կը փափաքինք հզօրացնել մասնակցայնութիւնը, երկխօսութիւնը։ Կը փափաքինք քաղաքացիական մասնակցութիւնը զարգացնել, ինչպէս նաեւ երկխօսութիւնը՝ քաղաքացիական հասարակութեան, փորձագէտներու եւ կառավարութեան միջեւ»,- նշեց Մարակոսը՝ կարեւորելով նաեւ տեղական կառավարման մարմիններու մասնակցայնութիւնը եւ ապակեդրոնացումը։

Այդ ծիրին մէջ ան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ ԵՄ-ն կ’աջակցի Սիւնիքի դիմակայունութեան բարձրացման, որ տուժած է հակամարտութեան հետեւանքով։

Այդ նպատակով, ըստ անոր, կը կեդրոնացուին միջոցները՝ ապահովելու ներդրումներ նախ ԵՄ-ի կողմէ, ապա նաեւ՝ այլ ներդրողներու։

Ըստ Մարակոսի՝ այդ ամէնը միտուած է Սիւնիքի մէջ քաղաքացիներու կարողութիւններու զարգացման, անոնց առաջնահերթութիւններու կարեւորման ու խնդիրներու լուծման։

ԵՄ դեսպանին տեղեկատուութեամբ՝ երկու օր առաջ ալ մեկնարկած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան նոր օրակարգի քննարկումներն ու բանակցութիւնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment