Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանի Մէջ Ռուսերը Կը Սգան Նաւալնիի Մահը

Երեւանի Մէջ Ռուսերը Կը Սգան Նաւալնիի Մահը

by MassisPost

Երեւանի մէջ՝ Ռուսաստանի դեսպանատունէն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ, հիմնականին մէջ ռուսեր կը սգան Քրեմլինի ամենակոշտ քննադատներէն մէկուն՝ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիի մահը։ Ծաղիկներ, պաստառներ, մոմավառութիւն, յարգանքի տուրք կը մատուցեն 47-ամյայ քաղաքական գործիչի յիշատակին, որ կեանքին վերջին տարիները անցուց բանտարկութեան մէջ՝ ամենախիստ ռեժիմի գաղութին մէջ։

«Մեծ ողբերգութիւն», «շոք», «ցաւ». ուշքի չեն գար ոչ միայն Ալեքսէյ Նաւալնիի աջակիցները, այլ նաեւ սովորական ռուսեր, որ Հայաստանի մէջ յայտնուած են Ռուսաստանի՝ Ուքրանիա ներխուժումէն յետոյ։

Հայաստանի մէջ հաստատուած ռուսաստանցի Նաթանիել Թրուփքինը կասկած չունի՝ երիտասարդ ընդդիմադիր գործիչը սպաննուեցաւ Ռուսաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, եթէ ոչ մէկ անգամէն, ապա դանդաղ՝ բանտարկուած ըլլալով անմարդկային պայմաններու մէջ։

«Շատերու համար նման գործիչի հեռացումը ինչպիսին, օրինակ, իր ժամանակ Պորիս Նեմցովն էր, ինչպէս հիմա Ալեքսէյ Նաւալնին, այդ նշանն է այն բանին, որ մօտ ապագային Ռուսաստանի մէջ որեւէ բարեկարգում, որեւէ քաղաքական փոխութիւն պիտի չըլլայ, հասարակութեան ժողովրդավարացում պիտի չըլլայ», նշեց Թրուփքինը։

Նաւալնիի մահէն յետոյ Անասթասիան արդէն ցանկութիւն ալ չունի վերադառնալու Ռուսաստան, ու յոյսն ալ կորսնցուցած է, թէ իր հայրենիքին մէջ կրնայ բան մը փոխուիլ։ Կ’ըսէ՝ մարդիկ կը վախնան, իսկ իշխանութիւնները ամէն կերպ կը յիշեցնեն՝ անհետեւանք պիտի չմնան իրենց ընդդիմախօսներուն արարքներն ու յայտարարութիւնները։ Նոյնիսկ Հայաստանի մէջ՝ հարիւրաւոր քիլոմեթր հեռու՝ իրենք կը վախնան, զգուշաւոր են, մտահոգ են Ռուսաստանի մէջ մնացած հարազատներուն համար։

Ալեքսէյ Նաւալնիի մահուան արձագանգած են աշխարհի առաջնորդները՝ դատապարտելով Փութինի վարչակարգը։ Հայաստանի իշխանութիւններէն դեռ որեւէ հրապարակային յայտարարութիւն չէ հնչած։ Նաւալնիի յիշատակին, խորհրդանշական վայրի մէջ՝ ստալինեան բռնաճնշումներու զոհ դարձած հայ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի յուշարձանին մօտ ծաղիկներ խոնարհած են Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ դեսպանները, Գանատայի գործերու հաւատարմատարը։

«Ան ռուս ժողովուրդին աւելի լաւ ապագայի հզօր ջատագովն էր: Փութինը պէտք է պատասխան տայ անոր ողբերգական մահուան համար», ընկերային ցանցերուն մէջ գրած է Բրիտանիոյ դեսպանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment