Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուն Հիսթերիք Վիճակի Մատնուած

Պաքուն Հիսթերիք Վիճակի Մատնուած

by MassisPost

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան վերջերս Հանրային Հեռատեսիլի վրայ իր ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին գոհունակութիւն յայտնեց, որ Ֆրանսան եւ Հնդկաստանը դարձած են զինատեսակներու ապահովման գծով Հայաստանի  հիմնական գործընկերները, բայց կան նաեւ այլ երկրներ, որոնց անունները չուզեր տալ: Նախարարը նաեւ ըսաւ, որ զէնք-զինամթերքի ձեռքբերման աղբիւրներու բազմազանեցումը կ՛ընթանայ յաջողութեամբ:

Այս գետնի վրայ Հայաստանի որոշ չափով յառաջխաղացքը սկսած է վրդովմունք յառաջացնել Պաքուի իշխանութիւններուն մօտ: Օր չանցնիր երբ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը չարծարծէ այս նիւթը՝ մեղադրանքներ հնչեցնելով Ֆրանսայի ու Հնդկաստանի հասցէին: «Ֆրանսան, տարածաշրջանին մէջ ապակառուցողական քաղաքականութիւն վարելով, կ՛առաջնորդուի «կրակի վրայ պենզին լեցնելու» սկզբունքով», ըսած է Ատրպէյճանի բռնապետ՝ Հայտար Ալիեւ: Իսկ անոր արտաքին գործոց նախարարը՝ Ճէյհուն Պայրամով ըսած է, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ  որեւէ պատրուակով Հայաստանին ռազմական օգնութիւնը կը վնասէ խաղաղութեան:

Վերջին քսան տարիներուն առաջին անգամ ըլլալով Ատրպէյճան կը բողոքէ Հայկական կողմի սպառազինութիւն ապահովելու գործողութիւններուն դէմ: Անցեալին Հայաստանի քաղաքական շրջանակներն էին, որ դժգոհութիւն կը յայտնէին Ռուսաստանի կողմէ Ատրպէյճանին մատակարարուող զինատեսակներու մասին, իսկ Ռուսական կողմը, առանց նկատի առնելու իր դաշնակից Հայաստանի շահերն  ու ապահովութիւնը, կը  պատասխանէր թէ, եթէ իրենք չվաճառեն ուրիշներ պիտի վաճառեն:

Սթոքհոլմի Միջազգային Խաղաղութեան Հետազօտութիւններու  Հիմնարկը, որ կը զբաղի  աշխարհի տարբեր երկիրներու սպառազինութեան մակարդակի ուսումնասիրութեամբ, վերջերս հրատարակած իր զեկոյցին մէջ կը գրէ, որ թէեւ Ռուսաստանի արտաքին  գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ իրենք երբեք չեն մատակարարեր սպառազինութիւն այնպիսի տարածաշրջաններ, ուր նման մատակարարումը կարող է ապակայունացնել իրավիճակը, այդուհանդերձ 2011-2020 թուականներուն Ռուսաստան եղած է Ատրպէյճանի  խոշորագոյն մատակարարը սպառազինութեան գծով: Թէեւ նոյն ժամանակաշրջանին Հայաստան եւս իր զինատեսակներու 90 տոկոսէն աւելին ստացած է Ռուսաստանէն, սակայն գումարային առումով Ատրպէյճան զէնքի վրայ ծախսած է աւելի քան 5 միլիառ տոլար: Ըստ վերոյիշեալ Հիմնարկին 2011–2020 թուականներուն Ատրպէյճան 8 անգամ աւելի սպառազինութիւն  ստացած է, քան Հայաստանը: Իսկ թէ ինչո՞ւ այդպէս եղած է, պատճառը յստակ է. Հայաստանի նախկին իշխանութիւնները թաթախուած ըլլալով կորուպցիայի մէջ չեն կարողացած ապահովել անհրաժեշտ գումարները՝ Ատրպէյճանի հետ քայլ պահելու համար:

Հայաստանին վաճառուող զէնքերու մասին բողոքող Պաքուն կը շարունակէ մինչեւ օրս զինատեսակներ ապահովել ոչ միայն Ռուսաստանէն, այլ եւ Իսրայէլէն, Պելառուսէն, Թուրքիայէն եւ այլ երկիրներէ: Այդուհանդերձ, մտահոգուած է, որ նախկին իր ունեցած առաւելութիւնը պիտի չկարողանայ երկար պահել եւ Հայաստան մօտ է առնուազն պաշտպանական գետնի վրայ բարելաւելու իր ռազմական կարողութիւնները:

Պաքուի հիսթերիք այս իրավիճակը հասած է այն աստիճանի, որ իշխանական լրատուամիջոցները կը խօսին  Հայաստանի ու Ֆրանսայի կողմէ Ատրպէյճանի դէմ նախապատրաստուող յարձակումի մասին: Այս բոլորը  ցոյց կու տան, որ Ալիեւ իրապէս մտահոգ է, որ ապագային պիտի չկարողանայ սանձարձակ վարուիլ  ու աւելի երկար պէտք է մտածէ Հայաստանի դէմ որեւէ ռազմական գործողութիւն սկսելէ առաջ:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment