Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՄ Որեւէ Պատրուակով Ռազմական Օգնութիւնը Հայաստանին Կը Վնասէ Խաղաղութեան Հաստատման. Պայրամով

ԵՄ Որեւէ Պատրուակով Ռազմական Օգնութիւնը Հայաստանին Կը Վնասէ Խաղաղութեան Հաստատման. Պայրամով

by MassisPost

«Ատրպէյճանը Եւրոմիութեան եւ դաշինքի անդամ երկիրներու յուսալի գործընկերն է, մեր երկրին նկատմամբ երկակի չափանիշեր կիրառելը եւ անարդար մօտեցում դրսեւորելը չի նպաստեր տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատմանը», յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովը Չեխիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Մարքեթա Փեքարովայի հետ հանդիպման ժամանակ։

Ատրպէյճանական պետական լրատուամիջոցներուն փոխանցմամբ՝ Պայրամով նաեւ ըսած է․- «30 տարուան ընթացքին առաջին անգամ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան իրական պայմաններ կը ստեղծուին, եւ ԵՄ-ի ու անդամ որոշ երկիրներու կողմէ որեւէ պատրուակով Հայաստանին ռազմական օգնութիւն տրամադրելը կամ հովանաւորչութեան ճանապարհով Հայաստանը խաղաղ գործընթացէն դուրս բերելը վնաս պիտի հասցնէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment