Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի Դուրս Գալու Հարց «Այսօր Օրակարգին Վրայ Չկայ». ՌԴ ԱԳՆ Ներկայացուցիչ

ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի Դուրս Գալու Հարց «Այսօր Օրակարգին Վրայ Չկայ». ՌԴ ԱԳՆ Ներկայացուցիչ

by MassisPost

ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի դուրս գալու հարց «այսօր օրակարգին վրայ չկայ», ռուսական լրատուամիջոցներուն յայտնած է ՌԴ ԱԳՆ ՀԱՊԿ հարցերով յատուկ դեսպան Վիքթոր Վասիլեւը։

«Փաստաթուղթերը (վերջին հանդիպման ժամանակ ընդունուած) այժմ կը գտնուին Երեւանի քննարկման փուլին մէջ։ Անոնցմէ ոմանց հետ առկայ է հայկական կողմին համաձայնութիւնը, որմէ կարելի է նման եզրակացութիւն ընել»,- ըսած է ան։

ՀԱՊԿ միջոցառումներուն Երեւանի չմասնակցիլը Հայաստանի ղեկավարութեան ընտրութիւնն է, «արեւմտեաններու ճնշման եւ հասկնալի զգացումներու հետեւանք»,- յաւելած է Վասիլեւ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment