Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանը Կ’ողջունԷ Ֆրանսայի Ծերակոյտին Բանաձեւը, Ատրպէյճանը Կը Քննադատէ Զայն

Հայաստանը Կ’ողջունԷ Ֆրանսայի Ծերակոյտին Բանաձեւը, Ատրպէյճանը Կը Քննադատէ Զայն

by MassisPost

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին ընդունած բանաձեւին համար՝ որակելով զայն «Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին աջակցող կարեւոր յանձնառութիւն»։

336 կողմ եւ 1 դէմ ձայներով ընդունուած փաստաթուղթին մէջ Ֆրանսայի օրէնսդիրները կառավարութեան կոչ կ’ընեն պատժամիջոցներ կիրառելու Ատրպէյճանի դէմ, այդ շարքին՝ կազի եւ քարիւղի ներմուծման արգելք սահմանել։ Բանաձեւով նաեւ կը պահանջուի Լեռնային Ղարաբաղ հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքի երաշխիքներ։ Կոչ կը կատարուի հնարաւոր ամէն ինչ ընելու, որպէսզի Ատրպէյճանը հրատապ միանայ բանակցութիւններուն՝ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար։

Նիստէն ժամեր անց կոշտ հակադարձեց Պաքուն. Միլլի մեճլիսի Միջազգային յարաբերութիւններու յանձնաժողովը պատասխան յայտարարութեամբ Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ’ընէ պատժամիջոցներ կիրառելու Ֆրանսայի դէմ, սառեցնելու ֆրանսացի պաշտօնեաներու հաշիւները, դադրեցնելու տնտեսական կապերը Փարիզի հետ՝ ֆրանսական բոլոր ընկերութիւնները դուրս բերելով Ատրպէյճանէն։ «Հակաատրպէյճանական» գնահատելով Փարիզի քաղաքականութիւնը՝ Պաքուն կը յայտարարէ, թէ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները պատմութեան մէջ ամենացած մակարդակի վրայ են, «ըստ էութեան, կրնան համարուիլ կասեցուած»։

Ի թիւս այլ դրոյթներու՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտի բանաձեւը.

– կ’աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան,
– կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ իր դաշնակիցներու աջակցութեամբ 2023 թ. Սեպտեմբեր 19-ին եւ 20-ին իրականացուած ռազմական յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ,
– կոչ կ’ընէ Ատրպէյճանին երաշխաւորելու հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքը Լեռնային Ղարաբաղ երաշխաւորելով այնպիսի պայմաններ, որոնք կ’ապահովեն անոնց անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը,

-կոչ կ’ընէ ատրպէյճանական զօրքերուն եւ անոնց դաշնակիցներու անյապաղ եւ անվերապահ դուրսբերումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն,

– կը նշէ, որ Հայաստանը իրաւունք ունի պաշտպանելու իր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ունենալու միջոցներ՝ ապահովելու իր անվտանգութիւնը, այդ շարքին՝ ռազմական ճանապարհով,
– կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական առաջնորդներու կամայական ձերբակալութիւնները,
– կոչ կ’ընէ հեռացնելու Ատրպէյճանին Զինուած ընդհարման պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան միջկառավարական կոմիտէէն,
– կը կարեւորէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ փորձագէտներու միջազգային խումբի ստեղծումը եւ գործուղումը Լեռնային Ղարաբաղ՝ մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան վիճակի վերաբերեալ տեղեկատուական զեկոյց պատրաստելու համար,
– կը կարեւորէ նաեւ ամենախիստ միջոցներու ձեռնարկումը, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հաշիւներու առգրաւումը եւ Ատրպէյճանէն կազի եւ քարիւղի ներմուծման արգելքը՝ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող ռազմական յարձակման դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու համար:

Բանաձեւը համահեղինակած են Ծերակոյտի բոլոր քաղաքական խմբակցութիւններու ղեկավարները` Պրունօ Ռըթայօն, Մարիզ Քարրերը, Սեսիլ Սուքիերմանը, Կիյոմ Կոնթարը, Փաթրիկ Քաները, Հերվէ Մարսելը, Գլոտ Մալյուրէն եւ Ֆրանսուա Փաթրիան, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտին մէջ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Ժիլպեր-Լիւք Տըվինազը:

Նիստը կը նախագահէր Ծերակոյտի փոխնագահ Սոֆի Փրիմասը։ Նիստին ներկայ էր նաեւ Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի եւ արտաքին գործերու նորանշանակ նախարար Սթեֆան Սեժուրնեն։

Բանաձեւի ընդունման նիստին պատուոյ հիւրի կարգավիճակին մէջ ներկայ էին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը եւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment