Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Չի Կրնար Ըլլալ Որեւէ Միջանցքի Հարց, Կը Բացառուի Նման Բան. Գրիգորեանը՝ Խաղաղութեան Պայմանագրի Մասին

Չի Կրնար Ըլլալ Որեւէ Միջանցքի Հարց, Կը Բացառուի Նման Բան. Գրիգորեանը՝ Խաղաղութեան Պայմանագրի Մասին

by MassisPost

«Յունուարի 4-ին հայկական կողմը պատասխանել է խաղաղութեան պայմանագրի ատրպէյճանական առաջարկներին»:

Այս մասին Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը:

«Պատասխաններն ուղարկել ենք ու այժմ ակնկալում ենք Ատրպէյճանի պատասխանը: Համաձայնութիւն կայ, որ Յունուարի վերջին սահմանազատման յանձնաժողովները եւս հանդիպեն: Յուսով ենք, որ այդ հանդիպումը տեղի կ’ունենայ», նշած է ԱԽ քարտուղարը:

Հարցումին, թէ բանակցային գործընթացին յարաշարժութիւնը ինչպիսի՞ն է, ան պատասխանած է՝ կան ե՛ւ դրական կողմեր, ե՛ւ բացասական. «Որոշ հարցեր կան, որոնք յառաջընթաց չեն գրանցել: Այն բոլոր հարցերը, որոնց շուրջ լուծում չենք գտել, ակնկալում ենք, որ բանակցութիւնների միջոցով հնարաւոր կը լինի հնարաւորինս շուտ դրանք վերջնականացնել, եւ կնքել այդ խաղաղութեան պայմանագիրը: Յարաշարժութիւնը դրական ենք գնահատում, բայց նաեւ կան հարցեր, որտեղ որոշակի յառաջընթացներ էինք գրանցել, բայց խաղաղութեան պայմանագրում մենք այդ յառաջընթացը չենք տեսել: Այսինքն՝ հարցեր կան, որոնց շուրջ բանաւոր բանակցութեան ժամանակ դրական աշխուժութիւն ենք տեսել, բայց խաղաղութեան պայմանագրի բնագրում որոշակի յետընթացներ ենք տեսել: Ի հարկէ, նաեւ կան կէտեր, որտեղ յառաջընթաց ենք գրանցել, բայց դրանք չեմ մանրամասնի՝ բանակցային սկզբունքների էթիկայից ելնելով»:

Վերջինս նաեւ նկատած է՝ խաղաղութեան պայմանագիրը անոր մասին է, որ կարենան համակեցութիւն ստեղծել տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ. «Եւ ո՛չ Հայաստանը, ո՛չ Ատրպէյճանը տարածքային որեւէ նկրտումներ չունենան միմեանց նկատմամբ: Սա կարեւոր սկզբունք է, որպէսզի խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրուի, եւ ՀՀ-ն շարժւում է այս ուղղութեամբ»:

Արմէն Գրիգորեանը վերահաստատած է՝ չի կրնար ըլլալ որեւէ միջանցքի հարց, կը բացառուի նման բան. «Ատրպէյճանցիները մեզ բանաւոր խօսքում վստահեցնում են, որ ընդունում են ՀՀ-ի չորս սկզբունքները, այսինքն՝ ինքնիշխանութիւն, իրաւազօրութիւն, փոխադարձութիւն եւ հաւասարութիւն: Մենք բանակցութիւնների ընթացքում կ’արձանագրենք այս չորս սկզբունքները, ինչի արձանագրումը նշանակում է բացառում որեւէ միջանցքային տրամաբանութեան»:

Ռուսաստանի հետ զէնքի շուրջ պայմանագրային պարտաւորութիւնները չեն կատարուած։ Այս մասին ըսած է Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը:

«Մենք նոր համաձայնագրեր չունենք ՌԴ-ի հետ, գոյութիւն ունեցող պայմանագրերի շուրջ թարմացումներ են կատարւում», նշած է Գրիգորեան:

Ան յաւելած է, որ 2021 թուականէն ի վեր կնքուած են զէնքի քանի մը պայմանագրեր, որոնք չեն կատարուած, այժմ անոնց մէկ մասը կը վերանայուի, բանակցութիւններ կ’ընթանան այդ ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment