Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ-ն Յանձնառու Է Զարգացնելու Համագործակցութիւնը ՀՀ-ի Հետ, Այդ Շարքին՝ Անվտանգութեան Ոլորտին Մէջ․ Մարակոս

ԵՄ-ն Յանձնառու Է Զարգացնելու Համագործակցութիւնը ՀՀ-ի Հետ, Այդ Շարքին՝ Անվտանգութեան Ոլորտին Մէջ․ Մարակոս

by MassisPost

ԵՄ-ն յանձնառութիւն ստանձնած է զարգացնելու համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ, այդ շարքին՝ անվտանգութեան ոլորտին մէջ, անդրադառնալով օրերս Հայաստան ժամանած եւրոպական պատուիրակութեան այցին, յայտնեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Վասիլիս Մարակոս։

«Ազատութեան» հարցին ի պատասխան, դեսպանը յայտնեց, որ Պրիւքսէլը յառաջիկային տեխնիկական առաքելութիւն պիտի ուղարկէ Երեւան՝ Հայաստանի զինուած ուժերուն «ոչ-մահաբեր ձեւաչափի աջակցութիւն» տրամադրելու յստակ առաջարկներ մշակելու համար։

Վասիլիս Մարակոս, սակայն, չյստակացուց՝ ի՞նչ կը նշանակէ «ոչ-մահաբեր ձեւաչափի աջակցութիւնը»։

«Աւելի ուշ պիտի ըլլան քննարկումներ, բայց Եւրոպական բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորէլը արդէն յանձնառութիւն ստանձնած է, որ պիտի աշխատի այդ ուղղութեամբ։ Սակայն, մենք կը պատրաստուինք մանրամասնութիւններ ներկայացնելու յառաջիկայ շաբաթներուն: Մենք կը պատրաստուինք տեխնիկական առաքելութեան այցին՝ այս տարեվերջին կամ տարեսկիզբին՝ այս ոլորտին մէջ յստակ առաջարկներու մշակման համար», ըսաւ Մարակոս։

Եւրոմիութենէն յայտնած էին, որ ԵՄ պատուիրակութեան երեւանեան հանդիպումներու ընթացքին «յաւելեալ հաստատուած է անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը շարունակելու Հայաստանի եւ ԵՄ-ի փոխադարձ հետաքրքրուածութիւնը։ Մասնաւորապէս՝ Եւրոպական Միութիւնը յաւելեալ պիտի ուսումնասիրէ Եւրոպական խաղաղութեան շրջանակին միջոցով Հայաստանի զինուած ուժերուն ոչ-մահաբեր ձեւաչափի աջակցութիւնը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment