Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Պիտի Կիրառէ Իր Ձեռքը Եղած Ամբողջ Գործիքակազմը՝ Խափանելու Պաքուի Ու Երեւանի Միջեւ «Ոչ-Խաղաղ Ճանապարհով» Առեւտրային Ուղիներու Վերաբացումը․ Օ’Պրայըն

ԱՄՆ Պիտի Կիրառէ Իր Ձեռքը Եղած Ամբողջ Գործիքակազմը՝ Խափանելու Պաքուի Ու Երեւանի Միջեւ «Ոչ-Խաղաղ Ճանապարհով» Առեւտրային Ուղիներու Վերաբացումը․ Օ’Պրայըն

by MassisPost

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան բարձրատիճան ներկայացուցիչը նախազգուշացուցած է՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ոչ-խաղաղ ճանապարհով» առեւտրային ուղիներու վերաբացման պարագային, ԱՄՆ պիտի կիրառէ իր տրամադրութեան ներքոյ եղած ամբողջ գործիքակազմը՝ խափանելու զայն։

Մասնաւորապէս, նման յայտարարութիւն ըրած է Եւրոպայի ու Եւրասիոյ հարցերով ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալ Ճէյմզ Օ’Պրայընը՝ լրագրողներու հետ առցանց հարցուպատասխանի ժամանակ, երբ անդրադարձած է նաեւ Հարաւային Կովկասին, ու մասնաւորապէս՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանին միջեւ հակամարտութեան:

«Կը տեսնենք, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու իրական հնարաւորութիւն [կայ]։ Ուրախ ենք, որ երկու կողմերուն միջեւ առկայ է ուղիղ եւ միջնորդաւորուած երկխօսութիւն: [Խաղաղութեան հաստատումը] ամբողջ տարածաշրջանին համար օգուտ քաղելու իրական հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ։ Օրինակ, եթէ հնարաւորութիւն ըլլայ Կեդրոնական Ասիայէն ուղղել առեւտուրի հոսքը Ատրպէյճանով ու Հայաստանով դէպի Թուրքիա, ապա այն էական խթան պիտի հանդիսանայ այդ առեւտրային ճանապարհին ինկած բոլոր երկիրներուն համար։ Կ’ողջունենք, որ այդ ամէնին մասը դառնալու հնարաւորութիւն կայ։ Միեւնոյն ժամանակ, եթէ որոշում կայացուի զայն իրականացնել ոչ-խաղաղ ճանապարհով, ապա ստիպուած պիտի ըլլանք օգտագործել մեր տրամադրութեան ներքոյ ունեցած բոլոր գործիքները, որպէսզի խուսափինք նման առեւտրային ճանապարհի ստեղծումէ։ Բաւականաչափ յստակ եղած ենք կողմերուն հետ, թէ այստեղ ինչի յոյս ունինք, ինչպէս նաեւ [խօսած ենք] այլ կերպ յառաջ շարժելու հետեւանքներուն մասին: Այսպիսով, անհամբեր կը սպասենք, թէ կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը ինչ ընթացք պիտի ստանայ: Մեզի յայտնի է, որ անոնք շահագրգռուածութիւն յայտնած են յառաջիկային կնքելու խաղաղութեան համաձայնագիր։ Կը փափաքէինք տեսնել, որ այն իրականութիւն կը դառնայ», յայտնած է Օ’Պրայըն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment