Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՊԿ-ի Ուշացած Քայլը

ՀԱՊԿ-ի Ուշացած Քայլը

by MassisPost

Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է 1992 թուականին նախկին՝ Խորհրդային Միութեան վեց հանրապետութիւններու՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի, Պելառուսի, Ղազախստան, Ղրղսիստան եւ Տաճիկիստանի մասնակցութեամբ: Կազմակերպութեան կանոնագրութեամբ, որպէս գլխաւոր նպատակը դրուած է անդամ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնավարութեան ապահովում՝ Հաւաքական պաշտպանութեան հիման վրայ:

2022-ին, երբ Ատրպէյճան ներխուժեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածք, Երեւան օգնութեան համար դիմեց ՀԱՊԿ-ին, սակայն հիմնականին մէջ Ռուսաստանի կողմէ ղեկավարուող այդ կազմակերպութիւնը մերժեց ընդառաջել Հայաստանի խնդրանքին՝ պատճառաբանելով թէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը տակաւին ճշգրտուած չէ: Երկու ամիս ետք՝ Նոյեմբերին Երեւանի մէջ կայացաւ ՀԱՊԿ գագաթի ժողովը, որուն ընթացքին վարչապետ Փաշինեան պահանջեց, որպէսզի Կազմակերպութիւնը յստակ դիրքորոշում արտայայտէ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ յարձակումներուն եւ հնչող սպառնալիքներուն կապակցութեամբ: Սակայն, ժողովին ներկայ նախագահները մերժեցին ընդառաջել այդ դիմումին եւս: Այդ օրէն ի վեր Հայաստան-ՀԱՊԿ յարաբերութիւնները սկսան գահավիժիլ՝ մօտենալով ամբողջական խզումի եզրին:

Վերջին ամիսներուն Հայաստան մերժեց մասնակցիլ ՀԱՊԿ-ի տարբեր մակարդակներու հանդիպումներուն՝ հասնելով հոն, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պելառուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուկաշենքոյին տեղեկացուց, որ պիտի չկարողանայ մասնակցիլ օրերս Մինսքի մէջ տեղի ունեցող ՀԱՊԿ-ի հերթական գագաթի ժողովին: Երեւան նաեւ պահանջեց, որպէսզի օրակարգէն հանուի Հայաստանին օգնութիւն տրամադրելու հարցը: Այդուհանդերձ, Կազմակերպութեան քարտուղարութիւնը եկաւ յայտարարելու որ, պիտի շարունակեն քննարկել Հայաստան դիտորդներ ուղարկելու աշխատանքները:

Սեպտեմբերեան պատերազմէն ասդին շատ ջուր անցաւ կամուրջին տակէն: Հայաստան ժամանեց Եւրոպական դիտորդական առաքելութիւնը, բանակը սկսաւ զինուիլ այլ երկիրներու արտադրութեան զինատեսակներով ու հրաժարիլ ռուսական ռազմական սկզբունքներէն, Արցախը հայաթափուեցաւ Ռուս խաղաղապահներու անգործութեան ու լուռ մեղսակցութեան պատճառաւ: Ներկայիս Եւրոպան ու Միացեալ Նահանգները Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը  դարձուցած կարմիր գիծ՝ զգուշացնելով Պաքուին իր չմտածուած քայլերու հետեւանքներուն մասին:

Այսօր, Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները կը գտնուին ճգնաժամի առջեւ: Որքան որ ալ Մոսկուան մեղադրէ Արեւմուտքին, որ ան կը փորձէ սեպ խրել երկու երկիրներու բարեկամութեան մէջ, ներկայ իրավիճակի գլխաւոր պատասխանատուն Քրեմլինի ղեկավարութիւնն է, որ 44-օրեայ պատերազմէն ասդին դատապարտումի ոչ մէկ խօսք ըսած է եւ ոչ ալ զօրակցութիւն յայտնած է իր դաշնակիցին՝ ի տես Պաքուի յարձակումներուն եւ ռազմատենչ յայտարարութիւններուն:

Վերջերս, Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան կը յայտարարէր որ, 44-օրեայ պատերազմի աւարտին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան հիման վրայ Նախիջեւանը Ատրպէյճանին կապող ճանապարհը կամ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքը», պէտք է հսկեն Ռուսաստանի սահմանապահ ուժերը: Տարօրինակ է այս մօտեցումը երբ նկատի ունենանք որ, այդ եռակողմ յայտարարութեան բոլոր կէտերը խախտուած են Ատրպէյճանի ե՛ւ Ռուսաստանի կողմէ եւ այժմ կեդրոնացած են մէկ կէտի վրայ, որուն ժամանակին համաձայնած է Հայկական կողմ: Ներկայիս այդ եռակողմ համաձայնութիւնը դադրած է գոյութիւն ունենալէ եւ դարձած է մեռած փաստաթուղթ: Լաչինի միջանցքը ապահովել չկարողացողը այժմ կ՛ակնկալէ որ, «միջանցքը» յանձնուի իրեն:

Ժամանակին նոյն Պելառուսի նախագահը յայտարարեց ըսելով՝ «Նիկոլը երթալիք տեղ չունի» ակնարկելով Ռուսաստան-Պելառուս միութենական պետութեան Հայաստանի միանալու մասին: Ժամանակը եկաւ ցոյց տալու որ, Հայաստան գտած է իր երթալիք տեղը եւ դիմացիները մտածելու շատ բան ունին: Հայաստան կ՛երթայ  իր որդեգրած ժողովրդավարական արժեհամակարգին ուղղութեամբ, հեռանալով միապետական վարչակարգերէն: Հետեւաբար, ՀԱՊԿ-ի եւ Ռուսաստանի քայլերը ոչ միայն ուշացած են, այլեւ դարձած են իմաստազուրկ:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment