Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Պելառուսիոյ Նախագահին Տեղեկացուցած Է, Որ Պիտի Չկրնայ Մասնակցիլ ՀԱՊԿ Խորհուրդի՝ Նոյեմբեր 23-ին Մինսքի Մէջ Կայանալիք Նիստին

Վարչապետ Փաշինեան Պելառուսիոյ Նախագահին Տեղեկացուցած Է, Որ Պիտի Չկրնայ Մասնակցիլ ՀԱՊԿ Խորհուրդի՝ Նոյեմբեր 23-ին Մինսքի Մէջ Կայանալիք Նիստին

by MassisPost

Պելառուսական կողմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ: Այս մասին յայտնած է վարչապետի մամուլի քարտուղար Նազելի Պաղտասարեանը։

Քննարկուած են ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի՝ Նոյեմբեր 23-ին Պելառուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ կայանալիք նիստի կազմակերպման հետ կապուած հարցեր: Վարչապետ Փաշինեան Պելառուսիոյ նախագահին տեղեկացուցած է, որ պիտի չկրնայ մասնակցիլ նիստին եւ յոյս յայտնած է, որ ՀԱՊԿ գործընկերները ըմբռնումով կը վերաբերին այդ որոշման:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի մասնակցի ՀԱՊԿ նիստին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment