Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուսաստան Հաստատած Է Կապանի Մէջ Գլխաւոր Հիւպատոսութիւն Բանալու Պայմանագիրը

Ռուսաստան Հաստատած Է Կապանի Մէջ Գլխաւոր Հիւպատոսութիւն Բանալու Պայմանագիրը

by MassisPost

Ռուսաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է Կապանի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն բանալու մասին համաձայնագրին: Այս մասին հրամանագիր ստորագրած է Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինը:

«Ընդունիլ Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան առաջարկը` Ռուսիոյ եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն միջեւ յուշագրերու փոխանակման ճանապարհով Կապանի մէջ Ռուսաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւն բանալու մասին համաձայնագիր կնքելու վերաբերեալ», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:

Կապանի մէջ Ռուսիոյ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ թիւով երկրորդը. առաջինը Կիւմրիի մէջ է: Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան յանձնարարուած է իրականացնել յուշագրերու փոխանակում: Հարկ եղած պարագային կը թոյլատրուի յուշագրերու նախագիծին մէջ «ոչ-սկզբունքային» փոփոխութիւններ իրականացնել:

Յիշեցնենք՝ Մոսկուայի մէջ հայ-ռուսական փորձագիտական կլոր սեղան քննարկման ժամանակ Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու չորրորդ քարտուղարութեան փոխտնօրէն Սերկէյ Փալթովը յայտնած էր, որ Ռուսաստանը հիւպատոսութիւն պիտի բանայ Սիւնիքի մէջ։ Որոշումը Երեւանը հաստատած է Մայիս 25-ին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի երկկողմ հանդիպման ժամանակ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment