Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Պէտք Է Կատարէ Իր Պարտաւորութիւնները Ատրպէյճանի Հանդէպ. Էրտողան

Հայաստան Պէտք Է Կատարէ Իր Պարտաւորութիւնները Ատրպէյճանի Հանդէպ. Էրտողան

by MassisPost

Ատրպէյճանը պատմական յաղթանակ տարած է, որմէ յետոյ Հարաւային Կովկասը աւելի մօտ է խաղաղութեան հաստատման, Ասթանայի մէջ՝ «Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան» 10-րդ յոբելենական գագաթաժողովին ըսած է Թուրքիոյ նախագահը։ Էրտողան միաժամանակ, կրկին պնդած է, թէ Հայաստանը ընելիք ունի:

«Ատրպէյճանը լիակատար վերջակէտ դրաւ Ղարաբաղի՝ 30 տարի տեւած բռնագրաւման։ Մենք հպարտ ու երջանիկ ենք այս պատմական նուաճման համար, որով մօտեցած ենք տեւական խաղաղութեան։ Հայաստանը պէտք է կատարէ իր պարտաւորութիւնները Ատրպէյճանի հանդէպ։ Շատ կարեւոր է նաեւ փոխադրութեան ուղիի իրականացումը, որ Նախիջեւանը պիտի կապէ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն հետ», նշած է Թուրքիոյ նախագահը։

Այդ ճանապարհը կարեւոր է ո՛չ միայն տարածաշրջանի երկիրներուն համար, ընդգծած է Թուրքիոյ նախագահը՝ յաւելելով, որ այն նաեւ պիտի կապէ Թուրքիան Կեդրոնական Ասիոյ՝ ինչպէս Էրտողան ըսած է՝ պապենական հայրենիքին հետ։

«Որպէս թրքական աշխարհ՝ մենք պէտք է շարունակենք մեր աջակցութիւնը Ատրպէյճանին այս գործընթացի յաջող աւարտին համար», ընդգծած է ան։

Էրտողանը նաեւ դռնփակ հանդիպում ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահին հետ, որուն ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի հետ կապուած հարցեր, յայտնած է Թուրքիոյ նախագահին գրասենեակը, այլ մանրամասներ յայտնի չեն։

Իրենց խօսքով՝ պատմական յաղթանակին առնչութեամբ Ալիեւը շնորհաւորած են նաեւ Ուզպեքիստանի եւ ՀԱՊԿ-ի ու ԵԱՏՄ-ի մէջ Հայաստանի դաշնակից Ղազախստանի նախագահները։ Ընդ որում՝ Թոքաեւը պնդած է, որ Սեպտեմբեր 19-ին Արցախի վրայ կատարուած յարձակումն ու Արցախի հայաթափումը կատարուած են միջազգային օրէնքներու եւ կանոններու համաձայն։

«Կ’ուզեմ շնորհաւորել պարոն Իլհամ Ալիեւը եւ Ատրպէյճանի ամբողջ ժողովուրդը, որ ձեր ժողովուրդը վերականգնեց տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սկսաւ քալել դէպի զարգացման նոր փուլ։ Այս պատմական քայլը շատ կարեւոր է եւ տեղի ունեցած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Անվտանգութեան Խորհուրդի որոշման համաձայն», նշած է Թոքաեւ:

Ալիեւ, իր հերթին, յորդորած է թրքական երկիրներուն ամրապնդել պաշտպանական համագործակցութիւնը, ըսելով, որ բանակն է երկրի «անվտանգութեան լաւագոյն երաշխաւորը»:

«Պատերազմներ եւ արիւնալի հակամարտութիւններ կը սկսին: Այս պարագային անվտանգութեան հիմնական երաշխաւորը առաջին հերթին կը դառնայ պաշտպանական ներուժը: Կը կարծեմ, որ անդամ երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը այնպիսի ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են անվտանգութիւնը, պաշտպանութիւնը, պաշտպանական արդիւնաբերութիւնը, պէտք է խորացնել», ընդգծած է Ատրպէյճանի նախագահը։

Գագաթաժողովին քննարկուող հիմնական հարցերէն էր Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի միջեւ ընթացող պատերազմը, յատկապէս այն մեծ տեղ զբաղեցուցած է Թուրքիոյ նախագահի ելոյթին մէջ։ Պաղեստինցիներու նկատմամբ Իսրայէլի յարձակումները որակելով «մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ»՝ Էրտողան պնդած է, որ իրենց առաջնային խնդիրն է անյապաղ մարդասիրական զինադադար հաստատել։ Նախօրէին այս հարցին շուրջ հանդիպած էին նաեւ Իրանի ու Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարները:

Յոբելենական գագաթաժողովի աւարտին, թրքական երկիրները յայտարարած են, որ պիտի շարունակեն համագործակցութիւնը՝ յաջորդ հարիւրամեակը թրքական դարձնելու համար։

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ՝ Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ ստեղծուած այս կազմակերպութեան կ’անդամակցին Ատրպէյճանը, Թուրքիան, Ղազախիստանը, Ղրղըզիստանը, Ուզպեքիստանը, դիտորդի կարգավիճակ ունին Հունգարիան, Թուրքմենիստանը եւ Հիւսիսային Կիպրոսը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment