Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Գոնկրէսին Մէջ Ատրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներու Կոչով Օրինագիծ Կը Շրջանառուի

ԱՄՆ Գոնկրէսին Մէջ Ատրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներու Կոչով Օրինագիծ Կը Շրջանառուի

by MassisPost

Նիւ Ճըրսի նահանգէն ընտրուած հանրապետական գոնկրէսական Քրիս Սմիթը ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Տունը նախօրէին շրջանառութեան մէջ դրած է «Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ցեղային զտումը կանխելու մասին» օրինագիծի նախագիծը, որուն միացած են նաեւ գոնկրէսականներ Պրետ Շերմանը, Կաս Պիլիրաքիսը, Ֆրենչ Հիլը եւ Ճիմ Քոսթան։

Փաստաթուղթին հեղինակները կ’առաջարկեն պատժամիջոցներ սահմանել ատրպէյճանցի այն պաշտօնեաներուն նկատմամբ, որոնք կանգնած էին Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման եւ այդ տարածաշրջանին դէմ յարձակման ետին, եւ վերագործարկել թիւ 907 լրացման գործողութիւնը՝ բացառելով ԱՄՆ ուղղակի ռազմական օժանդակութիւնը Ատրպէյճանին։

Բացի անկէ, նախագիծին հեղինակները ամերիկեան կառավարութեան կ’առաջարկեն «օտարերկրեայ ռազմական օժանդակութիւն տրամադրել Հայաստանին»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment