Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եթէ Հայաստանը Ճանապարհը Չբանայ, Այն Կ’անցնի Իրանով. Էրտողանը՝ «Զանգեզուրի Միջանցք»ին Մասին

Եթէ Հայաստանը Ճանապարհը Չբանայ, Այն Կ’անցնի Իրանով. Էրտողանը՝ «Զանգեզուրի Միջանցք»ին Մասին

by MassisPost

Անգարան հնարաւոր ամէն ինչ պիտի ընէ «Զանգեզուրի միջանցք»ը շուտափոյթ բանալու համար, լրագրողներուն յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը օդանաւին մէջ՝ Նախիջեւանէն վերադառնալու ժամանակ։

Էրտողան մեկնաբանած է իր նախկին յայտարարութիւնը, թէ Իրանը աւելի շատ խնդիրներ կը ստեղծէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցով, քան՝ Հայաստանը։ Անոր խօսքով՝ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի այլ տարածաշրջաններու հետ ճանապարհներու եւ երկաթուղիի միջոցով ուղիղ կապերու հաստատումը պիտի ամրապնդէ երկկողմ յարաբերութիւնները։

«Այդ պատճառով մենք պիտի ընենք հնարաւոր ամէն ինչ՝ այդ միջանցքը հնարաւորինս շուտ բանալու համար», ըսած է Էրտողան։

Ան այդ «միջանցքի» ստեղծումը, որ շատ կարեւոր է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համար, անուանած է ռազմավարական խնդիր:

«Երբ այդ միջանցքը բացուի, Պաքուէն դուրս եկող ինքնաշարժը կամ գնացքը պիտի կարենան ուղիղ Կարս ժամանել: Թուրք-ատրպէյճանական եղբայրութիւնը պիտի դառնայ շատ աւելի ուժեղ: Հաճելի է տեսնել Իրանէն դրական ազդանշաններ այս հարցով», ըսած է Էրտողան:

Միեւնոյն ժամանակ, անոր խօսքով, անհնար է պատկերացնել «միջանցք», ուր դեռ գերիշխող է պատերազմը։ Ուստի եթէ ե՛ւ «Զանգեզուրի միջանցք»ը, ե՛ւ Լաչինի միջանցքը դիտարկենք որպէս «խաղաղութեան միջանցքներ», ապա անհրաժեշտ է այդ հարցը լուծել առանց որեւէ բախումներու եւ աղմուկի։

«Ինչ կը վերաբերի Հայաստանով անցման, ապա եթէ Հայաստանը անոր համար ճանապարհ չբանայ, ինչպէ՞ս ան պիտի անցնի.  այն պիտի անցնի Իրանի տարածքով: Այս պահուն Իրանը դրական կը վերաբերի անոր, եւ սա հաշուի առնելով՝ այժմ հնարաւորութիւն պիտի ստեղծուի Իրանով անցնիլ Ատրպէյճան», ըսած է Էրտողան։

Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան Սեպտեմբեր 25-ին մեկնած է Նախիջեւան, ուր բանակցութիւններ վարած է Ատրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւի հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment