Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուս Խաղաղապահները Կը Պաշտպանեն ԼՂ Խաղաղ Բնակչութիւնը․ Փութին

Ռուս Խաղաղապահները Կը Պաշտպանեն ԼՂ Խաղաղ Բնակչութիւնը․ Փութին

by MassisPost

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնած է, որ սերտ շփման մէջ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերուն հետ։ Այս մասին Փութին խօսած է Չինաստանի արտաքին գործերու նախարար Վան Իի հետ հանդիպման ընթացքին։

«Մենք սերտ կապի մէջ ենք հակամարտութեան բոլոր կողմերուն՝ թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Ստեփանակերտի եւ թէ՛ Պաքուի իշխանութիւններուն հետ։ Յոյսով եմ, որ կը կարենանք հասնիլ ապամագլցողութեան եւ խնդիրի լուծումը տեղափոխել խաղաղ հուն», ըսած է Փութին։

Ան տեղեկացուցած է, որ ԼՂ-ի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի տեղակայման գօտիին մէջ աւելի քան 2000 քաղաքացիական անձ կայ, որոնցմէ կէսէն աւելին երեխաներ են։

Ռուսիոյ նախագահը յայտնած է նաեւ, որ Արցախի մէջ գտնուող ռուսական խաղաղապահները աշխուժօրէն կ’աշխատին կողմերուն հետ։ «Մեր խաղաղապահները աշխուժօրէն կ’աշխատին հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերուն հետ։ Կ’ընեն ամէն բան՝ պաշտպանելու խաղաղ բնակչութիւնը», ընդգծած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment