Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պապիկեանը Զօրավար Քուլաքովին Ներկայացուցած Է Սահմաններու Երկայնքով Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու Տեղաշարժերու Եւ Կուտակումներու Վերաբերեալ Տուեալներ

Պապիկեանը Զօրավար Քուլաքովին Ներկայացուցած Է Սահմաններու Երկայնքով Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու Տեղաշարժերու Եւ Կուտակումներու Վերաբերեալ Տուեալներ

by MassisPost

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է Ռուսիոյ ցամաքային զօրքերու գլխաւոր հրամանատար, բանակի զօրավար Օլեկ Սալյուքովը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ ուժերու նորանշանակ հրամանատար, զօրավար-մայոր Քիրիլ Քուլաքովը։

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը ողջունած է զօրավար-մայոր Քուլաքովը՝ նոր պաշտօնը ստանձնելու առիթով, եւ մաղթած է անոր յաջողութիւններ խաղաղապահ առաքելութեան ընթացքին:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի՝ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ տիրող իրավիճակը, առկայ խնդիրները, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուող Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղուած շարք մը հարցեր:

Նախարար Պապիկեան ընդգծած է 2020 թ. Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան բոլոր կէտերու անշեղ կատարման անհրաժեշտութիւնը եւ կարեւորած է Լաչինի միջանցքի շուտափոյթ ապաշրջափակման ուղղուած ջանքերուն գործադրումը:

Պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած է սահմաններու երկայնքով Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու  տեղաշարժերու եւ կուտակումներու, պարբերաբար իրականացուցած սադրանքներու, հայկական դիրքերու ուղղութեամբ հրաձգութեան եւ անոր զուգահեռ ապատեղեկատուութեան յաճախակի տարածման վերաբերեալ տուեալներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment