Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Սփութնիք Արմենիա»-ի Լրագրողն ու Պլոկըրը Սիւնիքի Մէջ Ձերբակալուած Են Ապօրինի Զէնքի Գործով

«Սփութնիք Արմենիա»-ի Լրագրողն ու Պլոկըրը Սիւնիքի Մէջ Ձերբակալուած Են Ապօրինի Զէնքի Գործով

by MassisPost

«Սփութնիք Արմենիա»-ի լրագրող Աշոտ Գէորգեանը, ռուսամէտ պլոկըր Միկա Բադալեանը եւ եւս 5 անձ ձերբակալուած են ապօրինի զէնք-զինամթերք ձեռք բերելու, պահելու եւ իրացնելու կասկածանքով։ Թէ ովքե՞ր են միւս 5 ձերբակալուածները, Քննչական Կոմիտէն առայժմ չէ մանրամասնած, միայն կը նշեն, որ Գորիսի Վերիշէն բնակավայրի բնակիչին կողմէ նախնական համաձայնութեամբ խումբ մը անձերու հետ իրացնելու նպատակով կատարուած է ենթադրեալ յանցանքը։

Ընդ որում՝ քրէական վարոյթը յարուցած է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը դեռ Օգոստոս 24 -ին, իսկ ձերբակալութիւնները արդէն տեղի ունեցած են Սեպտեմբեր 6-ին եւ 7 -ին։

Ըստ Քննչական Կոմիտէին, 7-էն 2-ը ձերբակալուած են հրազէն ու ռազմամթերք ապօրինի կերպով իրացնելու պահին: Մինչեւ այս պահը կասկածեալներուն մեղադրանք չէ առաջադրուած։

«Նախաքննութեան ընթացքում կատարուել են դէպքի վայրի զննութիւն, հարցաքննութիւններ, բնակարանների եւ փոխադրամիջոցի խուզարկութիւններ, որի արդիւնքում առգրաւուել են «AK» տեսակի ինքնաձիգ, մարտական փամփուշտներ, նռնակներ, նռնակի պայթուցիչներ, ատրճանակներ, սուին դանակներ, տարբեր տեսակի ու ռազմական նշանակութեան գոյք, կանեփ տեսակի բոյսի թփեր», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Թէ ի՞նչը եղած է այդ զէնք-զինամթերքի իրացման նպատակը, Քննչական Կոմիտէի խօսնակ Գոռ Աբրահամեանը մերժած է ըսել՝ նշելով, որ զէնքի ձեռք բերման աղբիւրները, նպատակները, այս պահին քննութեան հիմնական առարկաներէն են։

«Ազատութեան» հարցումին՝ խօսքը մեծաքանա՞կ զինամթերքի մասին է, Աբրահամեան պատասխանեց. «Այո,, ընդհանուր առմամբ կարելի է այդպէս գնահատել»:

ՔԿ խօսնակը յայտնեց, որ Աշոտ Գէորգեանը եւ Միկա Բադալեանը Սիւնիքի մարզին մէջ ձերբակալուած են՝ յաւելելով. «Ճշգրիտ վայրը նշել չեմ կարող այս պահին: Բոլոր անձինք Սիւնիքի մարզում են [ձերբակալուել]»:

Ձերբակլաուած լրագրողին եւ պլոկըրին փաստաբանը կը պնդէ, որ թիւրիմացութիւն եղած է
Մինչդեռ ձերբակալուածներէն «Սփութնիք Արմենիա»-ի լրագրող Աշոտ Գէորգեանի եւ ռուսամէտ պլոկըր Միկա Բադալեանի փաստաբան Լիանա Գրիգորեանը «Ազատութեան» փոխանցեց, որ տեղի ունեցածը թիւրիմացութիւն է եւ իր պաշտպանեալները յայտնաբերուած զէնք-զինամթերքի հետ կապ չունին։ Թէեւ, ինչպէս Գրիգորեանը նշեց, զէնքը յայտնաբերուած է նոյն ինքն Աշոտ Գէորգեանի ինքնաշարժին մէջ։

«Յստակ իրենց մօտից չեն յայտնաբերուել, այլ յայտնաբերուել են մեքենայում, իրենք որեւէ առնչութիւն, իմ կարծիքով, չունեն, դա ընդամէնը թիւրիմացութիւն է։ Կարծում եմ, այս ընթացքում աւելի յստակ պարզ կդառնայ իրենց մասնակցութիւնը սոյն քրէական գործի շրջանակներում: Մեքենան պատկանում է Աշոտ Գէորգեանին, իրենց հետ եղել են այլ անձինք, այս պահի դրութեամբ իրենց մասով որեւէ տեղեկութիւն չունեմ», ըսաւ փաստաբանը:

«Ազատութեան» հարցումին՝ այդ զէնքերը իրենց չե՞ն պատկանիր, Լիանա Գրիգորեանը պատասխանեց. «Ոչ, իրենք որեւէ առնչութիւն չունեն նշուած քրէական գործի շրջանակների հետ: Էս պահին քննչական գործողութիւններ են իրականցւում։ Իրենք ասացին, որ որեւէ առնչութիւն չունեն զէնքերի հետ»:

Աշոտ Գէորգեանի եւ Միկա Բադալեանի փաստաբանի փոխանցմամբ, իր պաշտպանեալները Սեպտեմբեր 6-ին Սիւնիքի մարզ մեկնած էին աշխատանքի բերումով, նկարահանումներու կը նախապատրաստուէին, բայց նոյն օրն ալ ձերբակալուած են։ Այժմ անոնք կը գտնուին Գորիսի ձերբակալուածներու պահման վայրին մէջ։

Մոսկուայէն կը շարունակեն մտահագութիւններ հնչեցնել
«Սփութնիք Արմենիա»-ի լրագրողի եւ ռուսամէտ պլոկըրի ձերաբակալութեան երէկուընէ աշխուժօրէն կ’արձագանգեն Մոսկուայէն։

Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարի խօսնակ Մարիա Զախարովան շեշտած է, որ Ռուսաստանի տեղեկատուական դաշտը ցնցուած է այդ լուրը ստանալով. «Ռուս-հայկական լրագրական համագումարի ընթացքին տեղի ունեցած սադրանքը ուղղուած է կարծես տապալելու երկողմ յարաբերութիւններուն համար կարեւոր այս միջոցառումը։ Ակնյայտ է, որ այս սադրանքի ետին կանգնած են նոյն ինքն այն ուժերը, որոնք հետաքրքրուած չեն մեր երկիրներու եւ ժողովուրդներու մերձեցմամբ»։

Քաղաքական ենթագիր չի կրնար ըլլալ. Քննչական կոմիտէի խօսնակ
Մինչդեռ Քննչական Կոմիէտի խօսնակ Գոռ Աբրահամեանը կը յորդորէ զերծ մնալ նման յայտարարութիւներէ եւ թոյլ տալ նախաքննական մարմինին կատարել իր աշխատանքը. «Դէպքը շատ յստակ է, եւ որեւէ քաղաքական ենթագիր այստեղ չի կարող լինել։ Շատ առարկայական քննութիւն է իրականացուելու, հիմա էլ առարկայական քննութիւն է իրականացւում, բոլոր հանգամանքները պարզուելու են եւ ըստ այդմ էլ իւրաքանչիւրի արարքին տրուելու է համարժէք գնահատական»։

Աւելի վաղ, Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպանութիւնը յայտարարութիւն տարածած էր՝ նշելով, որ քայլեր պիտի ձեռնարկեն կատարուածին հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ։

«Անհանգստացած ենք ձերբակալուածներու ճակատագրով, կապի մէջ ենք այս լրատուական գործակալութեան խմբագիրներուն հետ, ուշադիր կը հետեւինք իրավիճակի զարգացման»,  ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

«Սփութնիք»ը պետական լրատուամիջոց է, որ կը ֆինանսաւորուի Ռուսաստանի կառավարութեան կողմէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment