Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Ապաստան Ստանալու Հայցով Ատրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Քաղաքացիներ Դիմած Են

Հայաստանի Մէջ Ապաստան Ստանալու Հայցով Ատրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Քաղաքացիներ Դիմած Են

by MassisPost

2023 թ. առաջին կիսամեակին 440 մարդ դիմած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապաստան հայցելու համար։

Ըստ ՀՀ Ներքին Գործերու Նախարարութեան Գաղթականութեան եւ Քաղաքացիութեան Ծառայութեան տուեալներուն՝ ցանկին մէջ կան Ատրպէյճանի 2 եւ Թուրքիոյ 10 քաղաքացիներ։ Ատրպէյճանի քաղաքացիներէն մէկուն դիմումը կարճուած է, երկրորդինը նշուած չէ։

Թուրքիոյ 10 քաղաքացիներէն երկուքին դիմումը կարճուած է, մէկը` մերժուած, միւս դիմումներու ընթացքին մասին չի նշուիր։

Ի դէպ, աշխարհի ամենաանվտանգ 117 երկիրներու շարքին Հայաստանը 25-րդն է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment